ՇԱՀԵԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Գանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Թարաքճեան երէկ ցուցահանդէս մը բացաւ Երեւանի մէջ։ Ժամանակակից արուեստի թանգարանի երդիքին տակ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը կը վայելէ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութիւնը։

 Ցուցահանդէսի բացման հաւաքոյթի ընթացքին գեղարուեստասէրները անմիջական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին գանատահայ արուեստագէտի ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ՝ զինքը արժանի դարձնելով բարձր գնահատանքի։ Հանդիսութեան ներկայ էր Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, որ ներկաներուն փոխանցեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը եւ իր հերթին ջերմօրէն շնորհաւորեց Մկրտիչ Թարաքճեանը։ «Կը յուսամ՝ Մկրտիչ Թարաքճեանի արուեստի ուժն ու գեղեցկութիւնը այս ցուցահանդէսի այցելուները տակաւին երկար պիտի յիշեն ու պիտի զգան», ըսաւ Սերժ Սրապիոնեան։

Գանատահայ քանդակագործը շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան գործօն աջակցութեան համար եւ մասնաւորապէս ըսաւ. «Սա իմ առաջին անհատական ցուցահանդէսն է Հայաստանի մէջ եւ ես ուրախ եմ, որ իմ քանդակներէն մի քանին արդէն այստեղ գտած են իրենց մշտական հասցէները՝ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան, «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոց եւ այլն։ Ես մասնագիտութեամբ բժիշկ եմ, սակայն զիս մշտապէս ձգած է արուեստի ամենազօր ուժը, նկարած եմ տարիներ շարունակ, ապա հմտացած՝ քանդակագործութեան մէջ։ Այսօր կը զբաղիմ միայն քանդակագործութեամբ»։

Մկրտիչ Թարաքճեանի քանդակները կը գտնուին նաեւ Գանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Իր ստեղծագործած՝ յայտնի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի յուշարձանը տեղադրուած է Օթթաուայի կեդրոնական հատուածին մէջ։ Մկրտիչ Թարաքճեանի «Ընթերցողը» քանդակն ալ կը գտնուի Մոնրէալի քաղաքապետարանի հանրային գրադարանին առջեւ։

Երեւանի մէջ երէկ բացուած ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Օգոստոսի 17-ը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017