ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (20)

Գարունն եկեր էր արդէն. գարունն եկեր էր վերջապէս։

Գրեթէ երկու ամիս անցեր էր Զանայի Երեւան գալէն, Կապոյտ մզկիթ հաստատուելէն ի վեր։ Կամաց-կամաց Զանան յարմարեր էր կեանքին, եւ հիմա յատկապէս լաւ կը զգար, երբ երկինքը, ծառերն ու մարդիկը բացուեր էին արդէն։ Սկսեր էր նաեւ բացուիլ հայերէն լեզուն իր բերնին մէջ, անշուշտ դանդաղօրէն, բայց կայուն կերպով։ Արդէն լսածները մեծ մասամբ կը հասկնար, պարզագոյն նախադասութիւններ կը կառուցէր նոյնիսկ։ Շէյխին ամէնօրեայ աշխատանքը հանդիպեր էր իր փայլուն ընդունակութեան, եւ պտուղներ էր տուեր երկամսեայ դասընթացը։

Այս առաւօտ ալ արթնցաւ, եւ օրն սկսաւ մզկիթի պարտէզէն ըստ սովորութեան. ջրեց ծառերը, թուփերը, թաղարները։ Ապա մտաւ ներս, թէյը լեցուց երկու բաժակի մէջ, մէկը տարաւ տեղադրեց շէյխի գրասեղանին, միւսը առաւ ձեռքին ու վեր՝ տանիք բարձրացաւ։ Պաղերու մեղմացման հետ յայտնաբերած իր նոր հաճոյքն էր ասիկա. առտուայ թէյը տանիքը խմել։ Պամի եւ Երեւանի միջեւ տեղ մը եւ վիճակ մը կարծես պարզէր այդ տանիքը։ Մէկ կողմէն իրենց տանիքն ու աղաւնատունը կը յիշէր այնտեղ, միւս կողմէն ամէն ինչ տարբեր էր. վարդագոյն այս քաղաքը թոյլ չէր տար, որ Զանան խորասուզուէր յիշատակներուն մէջ եւ իյնար յուզումի գիրկը։ Տեսակ մը ապաքինման գործընթաց մըն էր առաւօտեան այս նոր ծիսակարգը Զանային համար։

Թէյն աւարտած՝ իջաւ վար. մօտեցաւ շէյխին, հարցուց թէ ինչի՞ կարիք կար շուկայէն եւ թուղթի մը վրայ նօթեր առնելէ ետք ցտեսութիւն մաղթեց։ Դրան կողքէն թեթեւ բաճկոն մը առաւ վրան ու դուրս ելաւ նախ բակ, յետոյ Մաշտոցի պողոտայ։ Հեռու չէր երթալիք տեղը։ Ճիշդ դիմացը, միւս ափին, նշանաւոր Փակ շուկան էր կանգնած։ Գետնանցումով անցնիլը բաւարար էր մզկիթ-տունէն շուկայ անցնելու համար։ Այդպէս ալ ըրաւ։

Երկու վայրկեանի մէջ մզկիթի խաղաղ միջավայրէն անցում կատարած էր շուկայի հաճելի աղմկոտ-կեանքոտ միջավայր։ Պտղավաճառներ, չիրավաճառներ, երշիկավաճառներ, ծաղկավաճառներ, համեմավաճառներ... ամէն մէկը խոշոր կառոյցի մէկ մասը գրաւած իր գործը կ՚ընէր, իր կողմ կը կանչէր անցորդները։ Չիր, խնձոր ու բանջարեղէն էր պէտք Զանային. քիչ մըն ալ սեւ պղպեղ։ Մօտեցաւ այն կողմ, համեմներու բոյրն անմիջապէս գրաւեց զինք, շատ կարճ մտքով տարաւ Պամ, իրենց խոհանոց, յետոյ լսեց կնոջ ձայնը.

-Ի՞նչ տամ տղայ ջան։

-Սեւ... սեւ բիբար։

Յետոյ անցաւ չիրեղէններու բաժին. ծիրան ու... Մատով ցոյց տուաւ, մարդուն ըսելուն պէս յիշեց բառը՝ սալոր էր պէտք. երկուքն ալ փիլաւին համար։ Ու մինչ մարդը կը լեցնէր, Զանան սկսաւ անմեղ ու աննպատակ շուրջը դիտել։ Նայեցաւ աջ, նայեցաւ ետեւ... յետոյ գլուխը դարձուց ձախ՝ պտղավաճառներու կողմ, եւ...

... եւ տեսածը ցնցեց, հմայեց, հարուածեց զինք. սառ կտրեցաւ Զանան։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020