ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ - 170

Մայիսի 8-ին կը լրանայ արեւմտահայ արձակագիր, բանաստեղծ, փիլիսոփայ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի 170-ամեակը:

Ծնած է Խասգիւղ, Պոլիս, 1851 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է «Ներսէսեան» եւ «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարաններէն ներս, աշակերտած է ծանօթ գրագէտներու։ Եղիա Տէմիրճիպաշեան ծնած էր Պոլսոյ Խասգիւղ թաղամասը, 1851-ի Մայիս 8-ին։ Այսպէս, նախնական ուսումը ստացած է Յովհաննէս Պատուելիի դպրոցին, ապա ժամանակի լաւագոյններէն համարուող Խասգիւղի «Ներսէսեան» վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով Թովմաս Թերզեանին եւ Մատաթիա Գարագաշեանին, որոնցմէ մխիթարեան-գրաբարեան հիանալի գիտելիքներ ամբարած։ Դպրոցական տարիներուն կողք-կողքի նստած է Մինաս Չերազի հետ, որուն ազգային-քաղաքական գաղափարակիցը մնացած է մինչեւ վերջ։ Մտերիմ դասընկեր ունեցած է նաեւ ապագայ մեծանուն մանկավարժ Ռեթէոս Պէրպէրեանը։ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի կեանքին մէջ առաջին գլխաւոր դարձակէտը արձանագրուած է 1866 թուականին, երբ ան ընդունուած է Խասգիւղի նորաբաց՝ Նուպար փաշայի հիմնած «Շահնազարեան» վարժարանը, որ սերնդակերտումի մեծ ներդրում ունեցած է 19-րդ դարավերջի հայ իրականութեան մէջ։ Ուսանելուն զուգահեռ՝ պատանի Եղիան եղած է նաեւ օգնական ուսուցիչ կրտսեր դասարաններուն մէջ։ Ան եղած է մոլի ընթերցասէր մը։

Մենակեաց պատանին կը ջանար իր հետաքրքրութիւնները գոհացնել անյագ ու անկանոն ընթերցումներով։ Անոր առաջին ելոյթներէն իսկ կը նկատուէր՝ մելամաղձոտ, յոռետես անհատականութիւնը եւ իր բնոյթին մաս դարձած այդ յատկութիւնը կը դառնայ անոր մահուան պատճառը: 57 տարեկանին անձնասպան կ՚ըլլայ՝ ետին թողլով գրական հարուստ ժառանգութիւն մը՝ արձակ էջեր, քերթուածներ, բառարաններ, փիլիսոփայական աշխատութիւններ:

Աշխատակցած է հայ մամուլին, ինք եւս հրատարակած է «Երկրագունդ» գրական եւ գիտական հանդէսը, ինչպէս նաեւ «Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում» հանդէսը, որուն գրութիւնները ի՛նք գրած է, բացառութեամբ իր կողմէ կատարուած թարգմանութիւններու։ Իր մասին նշանաւոր գրութիւններ ունին գրած ժամանակի գրողները, այդ կարգին՝ Արփիար Արփիարեան եւ Գրիգոր Զօհրապը՝ իր «Դիմանկարներ» շարքին մէջ:

Եղիա Տէմիրճիպաշեանի ծննդեան 170-ամեակին առթիւ կը ներկայացնենք մամուլին մէջ տպագրուած անոր գործերէն (ուղղագրութիւնն ու կետադրութիւնը հարազատ ձգելով): Բաւական է ըսել, որ նշանաւոր գրողի մահէն նոյնիսկ մէկ դար անց ալ ժամանակի գրական մամուլին մէջ սփռուած անոր բազում գործերէն միայն քանի մը հատոր կազմուած է:

ՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐ ՄԸ

Երթա՜յ բարով…

Ի՞նչ ըրաւ այս քաղաքին մէջ. ի՞նչ ըրաւ այս կեանքին մէջ։ Արատեց Հայու անունը. անպատուեց Հօրը անունը. տիղմի մէջ թաթաւեց մարդու վեհ անունը։

Հայ էր. Հայուն ցաւերը գիտէր. Հայուն դարաւոր տառապանաց պատմութիւնն իր հօրմէն, իր եղբօրմէն, իր վարժապետներէն եւ իր գործաւորներէն լսած էր։ Իր գործաւորները մանաւանդ, ամէն օր իր աչքին տակ, կը պատկերացնէին իրենց պատա՛ռ-պատա՛ռ հագուստին մէջ եւ իրենց պատա՜ռ-պատա՜ռ սիրտին մէջ, կը պատկերացնէին Հայոց աշխարհն, որուն ամենահարուստ զաւակն էր այն… մարդը։

Կը տեսնէր ամէն օր իր այդ հէգ հայրենակիցներն, որոնք լուսէն մինչ ի մութը չարաչար կ՚աշխատէին կիզիչ արեգակին տակ եւ սառուցիչ ձիւնին տակ, որոնք, Հռոմի գերիներուն ու Փարաւոնին Հրեաներուն նման, օրն ի բուն կ՚աշխատէին խարազանին, եւ անողորմ այն նայուածքին, եւ անողո՛ք այն հրամանին տակ, որոնք՝ Լուսաւորչայ սուրբ հաւատքին համար նահատակուելու պատրաստ այն հարազատ Հայ եղբայրները, կ՚աշխատէին կիրակի օրն ալ, մինչեւ անգամ Լուսաւորչայ չարչարանաց, եւ Ղեւոնդեանց նահատակութեան, եւ Քրիստոսի Տեառն մերոյ Սուրբ Յարութեան տօնին օրն ալ, եւ ազգային Սահմանադրութեան տօնին օրն ալ։

Այսպէս ահա կ՚աշխատէին այն… մարդուն գործաւորները. կ՚աշխատէին անոնք օրուան տասներկու պայծառ ժամերն, որպէս զի երեկոյին մութ տեղը պատառ մը հաց ուտելու ու պատառ մը հացի գին ալ իրենց զաւակացը ղրկելու չափ օրական մը առնեն՝ աղաչելով, պաղատելով, իրենց Պետին եւ Պետերուն համար սրտառուչ լեզուով Աստուծոյ գիշեր-ցերեկ աղօթել խոստանալով։

Այսպէս կ՚աշխատէին մեր այն եղկելի հայրենակիցները՝ հայրենիքէ եւ ընտանիքէ հեռու։ Եւ առաւօտուն, երբ հինգ վայրկեան միայն, Աստուա՜ծ իմ, երբ հինգ վայրկեան միայն որոշեալ ժամէն ետքը մտնէին այն երկաթի դուռներէն ներս, բացակայից սեւ տումարին մէջ իսկոյն կ՚արձանագրուէին. եւ այն օրը կ՚աշխատէին Բրուսիոյ թագաւորին համար, այսինքն՝ իրենց Հայ Պետին համար, որ իր բոլոր օրինաւոր եւ ապօրինաւոր անհաշուելի շահերէն գոհ չըլլալով՝ մինչեւ այն աղքատ աշխատաւորներուն օրականներն ալ գրպանելու դժոխային միջոցը մտածեր ու գտեր էր…։ Այսպէ՛ս կ՚աշխատէին եւ այսպէ՛ս կը վարձատրուէին հէգ Հայ գործաւորներն այն… մարդուն։

Այդ… մարդուն հայրն ալ Պետ մըն էր, եւ ան ալ իր հրամանին տակ ունէր բազմաթիւ գործաւորներ։ Այդ… մարդուն եղբայրն ալ Պետ մըն էր, եւ ան ալ իր հրամանին տակ ունէր հազարաւոր գործաւորներ։ Բայց հայրը, թէեւ անուս, ամէն իրիկուն ազգային յառաջդիմութեան համար խորհրդակցելէ յետոյ ժամանակին ուսումնական մարդոց հետ, իր բոլոր գործաւորներուն եւ մանաւանդ Հայ գործաւորներուն հետ ալ՝ որպէս իր նմաններուն հետ վարուեցաւ իր բոլոր էութեան ու պաշտօնավարութեան ժամանակ. իր եղբայրն ալ, թէեւ ուսեալ, Հայոց մտաւոր զարթման գործին հզօրապէս աջակցելէ յետոյ, մեռած ատենն ալ իր վերջին մտածումն եւ իր վերջին խօսքը նուիրեց Հա՛յ գործաւորներուն։ Իսկ ի՞նչ ըրաւ այն… մարդը, որ իր հօր եւ իր եղբօր հարստութեան տասնապատիկն ու յիսնապատիկը ձեռք անցուց հարստութիւն, ի՞նչ ըրաւ հայ գործաւորներուն, ի՞նչ ըրաւ հայ ժողովրդեան համար այն… մարդը։ Տեսանք, ինչ որ հայ գործաւորներուն ըրաւ. զանոնք գրաստի նման աշխատցուց չնչին օրականով մը, ու վերջը վերջը կերաւ այդ օրականներն, եւ օրին մէկն ալ մայրաքաղաքէս անյայտ եղաւ…։ Իսկ ազգին համար ըրածն ալ պիտի տեսնանք հիմայ։

Նախ եւ առաջ՝ իր բազմաճիւղ գերդաստանին եւ համայն Հայ ազգին երիտասարդներուն (նաեւ օտարներուն ալ) չար օրինակ եղաւ իր վարած գայթակղական կեանքով։ Իր հայրն՝ իր բազմասերունդ գերդաստանին համար ընդարձակ այլ համեստ տուն մը շինած էր Հայկական շքեղ եկեղեցիի մը դիմաց, զոր ինք ճարտարապետած ու կառուցած էր։ Որդին երեսի վրայ թողուց իր հայրական օրհնեալ տունն եւ իր հայրաշէն Աստուծոյ մեծակառոյց տունն, ու գնաց հեռուն՝ տուն մը ու տաճար մըն ալ ինք ճարտարապետեց ու կանգնեց մեծ ծախքով. տունն՝ իր միակ անձին համար, եւ տաճարն (իր տան մէջ, իր տան կից, իր տան դիմաց) Աստղկան համար…։ Բայց քանի՜ Աստղիկներ, տէր Աստուած, քանի՜ կոյսեր՝ ամէն ազգէ, զորոնք կը գնէր այդ նոր Սարդանաբաղը…։ «Կեր, արբ, ուրախ եղիր ու ննջէ…»։ Թո՛ղ չարաչար աշխատին պանդուխտ գործաւորները, թո՛ղ աղջիկ հասցունեն կարօտեալ մայրերը, թո՛ղ ըմպելիք եւ ուտելիք, մեծագին կամ կարասիք հասցունեն Եւրոպիոյ գործարանները…։ Ահա ա՛յս եղաւ առաջին ծառայութիւնը, զոր իր ազգին մատոյց այն… մարդը։

Ուրիշ կարեւոր ծառայութիւն մըն ալ մատոյց Հայ ազգին՝ այդ… մարդը։ Իր անսպառ հարստութեան մէջէն եւ իր նախանձելի դրից բարձունքէն երբ երբեմն այդ… մարդն հաճեցաւ վար նայիլ Հայ ժողովրդեան վրայ, եւ հրճուեցաւ՝ տեսնելով Հայ ազգն իր անհո՜ւն աղքատութեան մէջ, տեսաւ որ արտասուալից աչքեր դէպի իրեն կը դառնան. երես չը դարձուց. համարձակութիւն առնելով ազգին պաշտօնատարներն՝ աշխարհական եւ եկեղեցական, մօտեցան Նորին վսեմութեա՜ն, որ իբրեւ ողորմութի՜ւն տուաւ ազգին՝ ինչ որ իբր տո՛ւրք պիտի տար, եթէ քաղաքակիրթ ազգի մը մէջ ըլլար։ Ազգն ալ իր յետին աղքատութեան մէջ խորին շնորհակալութեամբ ընդունեց վսեմաշուք բարերարին նպաստը, զոր իրաւամբ, զոր բռնութեամբ պիտի պահանջէր Նորին վսեմութենէն, եթէ կազմաւորեալ իշխանութիւն ունենար ազգը։ Հայ ազգը տարին անգամ մը Նորին վսեմութեան մէկ գիշերուան մէջ իր զգայական կիրքերն յագեցնելու համար վատնած ստակին քառորդն ընդունեցաւ Նորին վսեմութենէն, եւ շնորհակալ եղաւ՝ առանց գիտնալու, որ Նորին վսեմութիւնն Հայ գործաւորաց օրականներէն պիտի հանէր՝ ինչ որ կու տար ողորմութի՜ւն Հայ ժողովրդեան։ Ազգին պարկեշտ պաշտօնատարները խոնարհեցնել իր առջեւ. ա՛յս եղաւ Նորին անպարկեշտ վսեմութեան երկրորդ ծառայութիւնն առ Հայ ազգն։

Ա՜խ, եթէ տեսնէիք այն… մարդը։ Գեղադէմ, հանճարեղ, հարուստ, ունէր ամէն ձիրքերն ալ Հայութեան առաջնորդ մը, Հայ երիտասարդութեան օրինակ ու մեկենաս մ՚ըլլալու. կրկին փառաւորելու այն մեծ անունը, զոր կը կրէր. տիեզերաց հիացումն ու օրհնութիւնն հրաւիրելու այն մեծ գերդաստանին վրայ, որ ահա կը մարի եւ կը սպառի իր շնորհիւ, որ մանաւանդ կ՚անուանարկուի ու կ՚անիծուի Նորին վսեմութեան շնորհիւ։ Այլ այն… մարդն, որ Տաճկաստանի մէջ ամենէն աւելի ձեռքն ստակ անցուց (ու փճացուց), այն… մարդն, որ ամենէն աւելի նիւթական ու բարոյական կեանք պիտի սփռէր իր շուրջը, այդ… մարդը, պատճառ եղաւ հուսկ ուրեմն երկու յուսահատական անձնասպանութեանց, որոնց մէկն իմ ազգականս…։

Երթա՜յ բարով. Բիւզանդիոնի մէջ մարմար չը կայ, որ չը պատմէ հարստութիւնն ու անխղճութի՜ւնն այն… մարդուն։

Երթա՜յ բարով։

(«Մասիս», 7 Յունիս, 1882)

ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ ՄԸ

ԱՌԱՋԻՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆՍ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀՐԱՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆՍ

Կը մտածեմ, որ հոգեբանական տեսակէտով առաջին գրութիւն մը քան առաջին հրատարակութիւնն աւելի կարեւոր է։ Մանաւանդ ինձ համար այսպէս եղաւ։ Մօրս զոյգ գիրքերը, զոյգ թռչնիկներու պէս բաներ, փոքր հատորիկներ՝ նստած սենեակնիս միշտ բարձին վրայ էին, երբ այն պաշտելի կնոջը ձեռքը չէին։ Այդ գիրքերն Աղօթագիրք մը ու Սաղմոսն էին։ Շատ կը սիրէի կարդալ Սաղմոսը. եւ ամէն մէկ բանալուս Սաղմոսը՝ մարգարէին ձեռքի քնարը կը դիտէի յափշտակութեան ու ցանկութեան խոնարհութեամբ աչաց։

Իրիկուն մը, երբ երկնային ժայռէ մը շիթ առ շիթ լեցուած ըմպանակի մը պէս, որ հուսկ ապա կը զեղու, մատաղ սաղմոսայագ հոգեակս արտայայտութեան պէտքն զգաց։ Վաղամեռիկ կրտսեր եղբայրս՝ Պօղոսիկը, նստած էր մօտս. մայրս գուլպայ կը հիւսէր ու հայրս կը նկարէր։ Թուղթ, գրիչ տուի Պօղոսիկին ու «Գրէ՛», - ըսի։ Երկու լայն էջեր լեցուեցան՝ առանց բառ մը աւելցնելու, առանց բառ մը պակսեցնելու՝ հակառակ Պուալոյի պատուէրին։ Արտադրուածը քարոզ մըն էր, կամ մանաւանդ՝ ինչ որ կրնայ կոչուիլ կրօնական խօսքեր։ Տասնըչորս տարեկան էի։ Ու հաւատացէք, որ լաւագոյն գրածս էր այդ կրօնական մանկական էջը։ Հայերէնի դասատունիս գաւառացի մըն էր այն ժամանակ, որուն անունը գիտէի երէկ, բայց այժմ չեմ յիշեր, յիշողութեան հիւանդութեամբ մը, որ կը պատահի, ըստ Ռիպօի, շատերու։ Այդ պատուական դասատուն թափանցիչ արտասանութեամբ մը մեզ Ոսկեդարու մատենագիրները կը կարդար՝ քերականութեան դասէն յետոյ։

Երկու տարի ետքը շարադրութեան սկսանք։ Իսկ առաջին հրատարակութիւնս անկից ալ երկու տարի ետքն է։ 1868-ին Աղաթօն Գրիգոր էֆէնտիի մահուան առթիւ գրած ոտանաւորս էր, զոր «Մասիս» օրաթերթին հրատարակութեան ղրկեցի։ Գրաբար էր այդ ոտանաւորը, զոր դասատունիս՝ Թորոս Նազարեան, սրբագրեց, ոչ թէ լեզուն, որովհետեւ նախորդ հայկաբանութեան ուսուցիչնիս՝ Մատաթիա Գարագաշեան, իմ ու քանի մը ընկերներուս գրաբար գրութեանց տակ այլեւս անսխալ կը դնէր վերջերը. այլ սրբագրեց գրութիւնը, քանի մը տեղ ածական ու քանի մը տեղ բայեր փոխեց, եւ այս սրբագրութիւններով ոտանաւորին ոտքերը կոտրեց ու յանգերը ջնջեց. վերջին տողն ալ բոլորովին փոխեց։ Եղերերգս, անշուշտ, աւելի կատարեալ եղաւ, բայց աչքիս կաղ սատանայի պէս բան մը երեւցաւ, բարկութենէս լացի եւ Տնօրէն Սիմէոն Միքայէլեանին յորդորանացը վրայ միայն հաւանեցայ յանձնել հրատարակութեան։ Իր ինքնաբուղխ միամիտ բացատրութեանը մէջ, ոտանաւոր թէ՛ յանգաւոր, առանց սրբագրութեան աւելի արժէք պիտի ունենար այդ եղերերգս՝ բաւական տափակ։

Իսկ արձակ առաջին հրատարակութիւնս (շիտակը խօսելով՝ ճիշդ չեմ յիշեր, թէ ոտանաւո՞ր գրութիւնս առաջ լոյս տեսաւ, եթէ ոչ արձակս) Յովսէփ Բոլատի Հարսանիքին նամակ-նախաբանն է։ Զարմանալի չէ՞, ես համբակ մը, դպրոցական մը, հեղինակ մը կը ներկայացնէի հասարակութեան, մինչդեռ յԵւրոպա՝ արդէն մեծահամբաւ հեղինակներն են, որոնք նորեկ մը կը ներկայացնեն նամակ-նախաբանով մը։ Բայց ի՞նչ ընեմ. Բարիզի Մուրատեան վարժարանին աշակերտ՝ Բոլատ, որ Նուպարեան վարժարանը գաղղիերէնի օգնական-ուսուցիչ էր, Հարսանիքին ձեռագիրը տուաւ ինծի կարդալու. տուն գացի, պարտէզ իջայ, կարդացի. ներս գալուս՝ ճաշարանը կաղամար գրիչ ու թուղթ տեսնելով, Հարսանիքին վրայ տպաւորութիւնս գրեցի՝ որպէս թէ սեղանին վրայ գտնուած գաւաթ մը ջուրը պիտի խմէի։ Հետեւեալ օրն անձամբ տուի հեղինակին՝ դպրոցը։ Օր մըն ալ Բոլատ իր վէպը տպուած չը բերէ՞ ձեռքս տայ, նամակս սկիզբը դրուած։ Այն ժամանակ արդէն Ռըվիւ տէ տէօ Մօնտ կը կարդայի։ Գրութեանս շատ չը հաւնեցայ, բայց գրածս գրքի մէջ տպուած տեսնելուս ուրախութեան բաղդատելի ուրախութիւն մը դեռ մինչեւ ցայսօր ունեցած չեմ։ Եւ … գրութիւնս հաւնուեր էր. որո՞ւն կողմէ. Վենետիկցիի մը կողմէ։ Մօրաքեռորդիքս՝ վաղամեռիկ Ներսէսեան եղբարք, օր մը տուն եկան զիս իրենց տանելու՝ յայտարարելով, թէ Նորայր Բիւզանդացին՝ իրենց խնամակալը, «երկաթէ քաղաքի մը ոսկի դուռը» կ՚անուանէ Հարսանիքին յառաջաբանս եւ զիս տեսնել կը փափաքի կոր անձկաւ։ Բազմավէպի նախկին խմբագրապետը գովեստ կարդաց ինծի սիրելի մօրաքրոջս քով, որ գոռոզութիւն կը զգար. խօսեցաւ բառարանին վրայ, զոր կը պատրաստէր։ Իսկ իմ մտքէս կ՚անցնէ՞ր, որ ես ալ բառարան պիտի շինէի ու հայ լեզուն տասը հազար բառով օր մը պիտի օժտէի։ Բայց ամէն բան շուրջս զիս կը յորդորէր գրող ըլլալ։ Եւ ներքին դրդմամբ արդէն որոշեցի գրող ըլլալ ա՛յն օրն, ուր, տակաւին շարադրութեան դասի չը սկսած, տեղ մը Տէմիրճիպաշեան մը գտայ տպուած, ուրիշ տեղ մըն ալ Եղիա, եւ այդ զոյգ անունները կցելով՝ զետեղեցի Գարագաշեանի Տրամաբանութեան սկիզբը, հեղինակին անունին հանդիպակաց կողմը։ Գրող եղայ, այո՛, այսինքն տառապո՜ղ։ Գրող եղայ, որպէս զի չը կարդամ ու չը գրեմ ամբո՜ղջ տարիներ։

Հիմայ գոհ եղա՞ք դուք, որ, ազնիւ երիտասարդներ, պատիւ կ՚ընէիք ինձ ինէ խնդրելու, որ յայտնեմ, թէ ի՛նչպէս սկսած եմ գրել։

(«Մասիս», 14 Ապրիլ, 1901)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021