ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԽԱՂԱՇՐՋԱՆ

Հայաստանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» ազգային օփերայի եւ պալէի թատրոնը երէկ երեկոյեան հանդիսաւորապէս բացաւ նոր խաղաշրջանը։ Սա 85-րդ խաղաշրջանն է, հետեւաբար ունի յոբելենական բնոյթ։ Խումբը յոբելենական այս խաղաշրջանի մեկնարկին հանդիսատեսին ներկայացուց դասական գործ մը՝ «Անուշ» օփերան։ Գեղարուեստասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին ձեռնարկին նկատմամբ։

Նոր խաղաշրջանի սկիզբին առթիւ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց թատրոնի տնօրէն ու գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբելեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017