«ԱՌԱՋՆՈՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵԼՈՅԹԸ
Շիշլիի «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի եւ գեղարուեստի տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբի ելոյթը։ Երեկոյթը կազմակերպուած էր Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան գեղարուեստական ձեռնարկներու ծիրին մէջ։ Խանդավառ հանդիսութիւն մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեան, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան եւ բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։ Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մելիսա Թաշճեան։ «Առաջնորդ»ի պարուսոյց Նաթալին Պոզ Եըլմազ յուշանուէրներ յանձնեց Վազգէն Պարընին եւ Արաս Մանուկեանին, որոնք իրենց նպաստը բերած էին ձեռնարկի կազմակերպման համար։
Յայտագրի տեւողութեան «Առաջնորդ»ի անդամները զանազան ոճերով պարեր ներկայացուցին, իսկ եզրափակիչ փուլին բոլորը միասնաբար հանդէս եկան բեմին վրայ։ Հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին «Առաջնորդ» պարախումբի արձանագրած յաջողութիւնը։
Ձեռնարկի աւարտին պարուսոյց Նաթալին Պոզ Եըլմազ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ բազմաթիւ ներկաներու կողմէ, որոնք փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքը։