ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

REAL ART նախագիծը կը շարունակէ հարթակ տրամադրել կիւմրեցի երիտասարդ արուեստագէտներուն՝ իրենց աշխատանքները հասարակութեան ներկայացնելու համար: Արդէն վեցերորդ անգամ է, որ նոյն նպատակի շուրջ համախմբուած էին երիտասարդ արուեստագէտները՝ այս անգամ «Ապրելու բանաձեւ»ի իրենց բանաձեւով:

Օգոստոսի 4-ին «Ռիժքովի 3» ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին կը մասնակցէր տասնչորս արուեստագէտ: Այս մասին ցուցահանդէսի համադրող Արաքս Մարգարեան զրուցեց «Արմէնփրէս» գործակալութեան թղթակցին  հետ։ Անոր կարծիքով՝ երիտասարդ նկարիչներու շատ լաւ սերունդ մը կայ, պէտք է միայն աջակցիլ ու հարթակ տրամադրել ճանաչման ու գնահատման համար:

REAL ART-ը հիմնադրուած է 2012 թուականին: Հիմնական գաղափարն է համախմբել երիտասարդ ստեղծագործողները՝ նախապատուութիւնը տալով աւանդական արուեստին: Արաքս Մարգարեանի խօսքով՝ ժամանակակից արուեստը պէտք է հակակշիռ ունենայ: «Ան հետամուտ է Կիւմրիի Գեղանկարչական դպրոցի աւանդութիւններու պահպանման ու զարգացման: Ան հասարակութեան հետ արուեստի լեզուով երկխօսութիւն կը ծաւալէ՝ համամարդկային արժէքներու դիրքերէն: Երիտասարդ արուեստագէտներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայանայ իրեն բնորոշ ոճով ու ձեռագրով. կարեւորութիւն կը տրուի կատարողական խնդիրներուն, որոնք առաջնային են արուեստագէտի համար որեւէ ժամանակաշրջանին: Իրական արուեստը կը փորձէ զարգացնել աւանդական մշակութային արժէքները ժամանակակից իրականութեան մէջ», նշեց Արաքս Մարգարեան:

Ցուցահանդէսներու այս շարքի արդիւնաւէտութիւնը կը վկայէ այն, որ արուեստագէտներէն շատեր պարբերաբար կը մասնակցին: Անի Ռաշոյեան առաջին իսկ ցուցադրութենէն մինչեւ այսօր մասնակցած է իր աշխատանքներով: Արուեստագէտներէն Անիի համար ամենադժուարն է ժամանակի առումով երեւակայութիւնը իրականութիւն դարձնել՝ իր աղջնակները դեռ շատ փոքր են, բայց Անին չի դժգոհիր՝ նոյնիսկ վերջին շարքը՝ «Իմ աշխարհը» խորագրով, նուիրուած է իր աղջկան: «Արուեստագէտներու համար սա ոչ միայն իրենց աշխատանքները ներկայացնելու լաւ հնարաւորութիւն է, այլ նաեւ իրենց երէց գործընկերներու խորհուրդները լսելու», ըսաւ ան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2017