ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՏԱՐԱԶՖԵՍՏ 2017»

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ կը կոչուէր «ՏԱՐԱԶֆեստ 2017»։

Հիւսիսային պողոտայի վրայ տեղի ունեցաւ այս զգեստներու փառատօնը, որ արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։ Զանազան նորաձեւութեան տուներու կողմէ նախագծուած տարազներով բնորդներ տողանցեցին թէ՛ ազգագրական եւ թէ արդի զգեստներով։ Բնորդները տարազները ծանօթացուցին երաժշտական կատարումներու զուգահեռ։

«Երեւանեան ամառ 2017» նախագծի շրջանակին մէջ, սոյն փառատօնը այս տարի կազմակերպուեցաւ երրորդ անգամ։ Ձեռնարկի ծիրէն ներս հայկական նորձեւութեան տուներու առընթեր ներկայացուեցան նաեւ այլ երկիրներու ազգային տարազներ։

Միւս կողմէ, «Երեւան ՏԱՐԱԶֆեստ 2017»ը միտուած էր Հայաստանի մէջ զարգացնել միջոցառումային զբօսաշրջութիւնը։ Միջոցառումը իրականացաւ երրորդ անգամ «Երեւանեան ամառ» ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Այս տարի առաջին անգամ տաղաւարներ ունեցան եւ իրենց ազգային տարազները ներկայացուցին քանի մը մշակութային համայնքներ եւ Հայաստանի մօտ Սպիտակ Ռուսիոյ, Ղազախիստանի եւ Քուէյթի դեսպանատուները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Երեւան ՏԱՐԱԶֆեստ»ը Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժնի երեք խոշորագոյն փառատօններէն մին է։ «Ան հարթակ է, ուր կը ներգրաւենք ժողովրդական վարպետները, տարազային բաղադրիչ ունեցող ընկերութիւնները։ Այս տարի առաջին անգամ ունեցանք երեք տարբեր ազգերու մշակութային համայնքներ՝ «Ուքրայնա» մշակութային միութիւնը, «Փոլոնիա» Հայաստանի լեհերու միութիւնը, «Թեւթոնիա» գերմանացիներու մշակութային միութիւնը։ Անոնք ներկայացուցին իրենց ազգային տարազները։ Բացուեցան նաեւ Հայաստանի մօտ Սպիտակ Ռուսիոյ, Ղազախիստանի եւ Քուէյթի դեսպանատուներու տաղաւարները, որոնց մէջ ներկայացուեցան իրենց էթնիք հագուստները» ըսաւ Երեւանի քաղաքապետի օգնական Մարիա Բարաղամեան։ Անոր խօսքով՝ այցելուները հնարաւորութիւն ունեցան լուսանկարուելու տարազներով։ Մասնակցեցան նաեւ «Մարաշլեան ֆօթօ աթէօլիէ»ն եւ «Տէրեան մշակութային կեդրոն»ի լուսանկարչական բաժինը։ Իրենց ներկայութիւնը բերին նաեւ Երեւանի Պատմութեան թանգարանը, Տիկնիկներու պատկերասրահը եւ «Մերկելեան կարպետ» ընկերութիւնը։ Առաջին անգամ մասնակցեցաւ նաեւ «Հայկական ապրանքանիշեր» հարթակը։ Այն ընկերութիւնները, որոնք ունին տարազային, ժողովրդական բաղադրիչներ պարունակող ապրանքանիշեր, ներկայացուեցան այդ տաղաւարին մէջ։ Իսկ երեկոյեան տեղի ունեցան «Տէրեան մշակութային կեդրոն»ի տնօրէն Լիլիթ Մելիքեանի, ձեւագծողներ Արամ Նիկոլեանի եւ Գէորգ Շատոյեանի հաւաքածոներու ցուցադրութիւնները։ «Տէրեան մշակութային կեդրոն»ի տնօրէն Լիլիթ Մելիքեան ցուցադրեց իր «Արքայից արքայ» հաւաքածոն։ Ան ըսաւ, որ գաղափարը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց թէ՛ ձեւագծողներու եւ թէ զբօսաշրջիկներու մօտ։

Ըստ Մարի Բարաղամեանի, իրենք նպատակ ունին, որ զբօսաշրջային ընկերութիւնները ամէն տարի նմանատիպ աւանդական դարձած միջոցառումներու շնորհիւ զբօսաշրջիկները ուղղորդեն Երեւան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2017