ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԾՆՈ՞ՒՆԴ

Անգլիացի հոգեբոյժ ու գրող Տարիըն Լիտըր կը պնդէ, որ որեւէ հիւանդութիւն, նոյնիսկ քաղցկեղը, մարմնի հաղորդակցման միջոց մըն է, բայց բժիշկները ժամանակ չունին լսելու զանոնք: Ան, լրագրող Սթիւըրտ Ճեֆրիսի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կը բացատրէ, որ հոգեվերլուծութեան բուժման գործընթացը կրնայ տարիներ տեւել, բայց այդ մէկը աւելի արդիւնաւէտ է՝ քան այլ բուժման ձեւեր։

Տարիըն Լիտըր, ի տարբերութիւն հարցազրոյցի ընթացքին յայտնածներուն, չի հաւատար, որ բոլոր հիւանդութիւնները հաղորդակցելու փորձեր են: Ան իր «Ինչո՞ւ մարդիկ կը հիւանդանան» հատորին մէջ գրած է, որ վաղ հոգեբանական հետազօտութիւններու ամենամեծ խնդիրներէն մէկը՝ բոլոր հիւանդութիւններու հաղորդակցութեան փորձ նկատուիլն էր:

Օր մը նկարիչ մը կ՚երթայ իր ատամնաբոյժի մօտ։ Բժիշկը կ՚ախտորոշէ, որ ան գիշերը անընդհատ կը կճրտէ իր ակռաները եւ բուժում կ՚առաջարկէ։ Քանի որ այդ բժիշկը ատամնաբոյժ է եւ ոչ թէ հոգեբոյժ, այլեւս որեւէ հարցում չ՚ուղղեր։ Սա բաւարար չ՚ըլլար, որովհետեւ կը պարզուի, թէ նկարչի մօտ ճնշուածութիւն կ՚ախտորոշուի, երբ ան կ՚իմանայ, թէ կը վաճառուին իր քանի մը ստեղծագործութիւնները, որոնց վրայ երկար ժամանակ աշխատած էր։ Սա պատմութիւն մըն է, զոր ան գրած է իր վերոյիշեալ գիրքին մէջ: Տուեալ ախտանիշներու ոչնչացման համար հիւանդը նախ ինք պէտք է գիտակցի ճնշուածութեան բուն պատճառը։ Սա Տարիըն Լիտըրի գիրքին մէջ նշուած է. նախ հոգեբանական գործօնները պէտք է լուծուին որեւէ հիւանդութեան բուժման ճանապարհին:

«Ամենացաւալին այն է, որ նախապէս այդպէս չէր: Մինչեւ 1950-ական թուականները ատամնաբոյժներէն կամ ակնաբոյժներէն ուղարկուած հիւանդները հոգեբանի կամ հոգեբոյժի համար արտասովոր չէին», կ՚ըսէ Լիտըր։

Անգլիացի հոգեբոյժը նաեւ կ՚ըսէ, թէ վաղուց ապացուցուած է, որ հոգեբանական հարցերը փոփոխութիւններ կը յառաջացնեն. օրինակ՝ այդ փոփոխութիւնները կրնան մեծցնել մանրէներու աշխուժութիւնը թուքի մէջ, որու փոփոխուող բաղադրութեան պատճառով բժշկական ուսանողները քննութենէն յետոյ ատամներու փտածութեան աւելի բարձր ցուցանիշներ արձանագրած են։

Ինչո՞ւ այս օրերուն քիչ ուշադրութիւն կը դարձուի հոգեբանական հարցերուն: Լիտըր այս կապակցութեամբ գրած է հետեւեալը. «Սա մշակութային հիմք ունի: Մենք կ՚ապրինք նոր մութ դարաշրջան մը. այն ժամանակը, երբ հոգեբանական պատճառահետեւանքային կապի անտեսումը վտանգաւոր է: Ինչո՞ւ։ Իմ ընկերաբան ընկերները կ՚ըսէին, որ մենք կ՚ապրինք շուկայական տնտեսութիւններու մէջ։ Եւ նման դրամատիրական ​​աշխարհի մը մէջ եթէ բժշկութիւնը կեդրոնանայ հոգեբանական խնդիրներու վրայ, ապա վաճառելու ապրանք չ՚ունենար, ուստի հոգեբանական հետազօտութիւնները մարդոց դրամ չեն ապահովեր»:

Հոգեբոյժ Տարիըն Լիտըր գիրքին մէջ նշած է, որ բժիշկներու մեծամասնութիւնը այնքան ծանրաբեռնուած է, որ արագ ախտորոշումներ կատարելու հաւանականութիւնը աւելի մեծ է։ Օրինակ, հոգեբոյժը կը պնդէ, որ «ճնշուածութիւնը» արդի պիտակ մըն է, որ բժիշկները կ՚օգտագործեն բազմաթիւ հիւանդութիւններու ախտորոշման ժամանակ։ Բայց, սա կրնայ ըլլալ նաեւ հիւանդի խնդիրները մանրամասն վերլուծելէ խուսափելու միջոց: «Սա նոր պատճառ մըն է լսելէ խուսափելու համար։ Յստակութիւնը կը կորսուի եւ այդ պատճառով ախտորոշումը կրնայ բաց թողել այն, ինչ որ իրականութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ», կ՚ըսէ ան:

Ըստ հոգեբոյժ Տարիըն Լիտըրի, եթէ բժիշկները առաւել ուշադրութեամբ լսէին հիւանդներու պատմածները, ապա անոնք կը հասկնային, թէ մարդիկ դժուարութեամբ կը դիմագրաւեն իրենց կեանքի «խորհրդանշական» պահերը. օրինակ՝ ծնունդները, մահերը, սիրելիներու կողմէ լքումը, նոյնիսկ յառաջընթացը: Որոշ մարդիկ, որոնք չեն կրնար իմաստաւորել նման իրավիճակները, կը հիւանդանան: Մարմինը այնպէս մը կը փորձէ խօսիլ, որ հիւանդը եւ բժիշկներու մեծ մասը չեն անդրադառնար:

Գիրքի ընթերցողը իբրեւ վերջին գաղափար կ՚ընկալէ այն, որ աւանդական բժշկութիւնը պէտք է դասեր քաղէ նման միտումներէն եւ վերատեսութեան ենթարկուի՝ ի դէմս այլընտրանքային բուժումներու աճի, որոնք ժամանակ կը պահանջեն հիւանդը լսելու եւ իրավիճակի առանձնայատկութիւնները խոշորացոյցի տակ դնելու համար։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023