«ՄԵՐ ԾՐԱԳՐԻ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՈՒ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ԿԱՊԵԼ»

Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը առ­հա­սա­րակ ազ­գի մը կեն­սու­նա­կու­թեան աղ­բիւ­րը նկա­տուած է, մինչ­դեռ ան է՛ նաեւ ազ­գա­յին գոր­ծա­դիր ու­ժը, ա­նոր յա­ռաջ­դի­մու­թեան ու զար­գաց­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու շտե­մա­րա­նը։ Ե­րի­տա­սարդ­նե՛րն են ե­ղած պայ­քար­նե­րու ա­ռա­ջին ճա­կա­տը նե­տուող­նե­րը, ազ­գա­յին ի­տէալ­նե­րու ի­րա­գործ­ման ճի­գին մէջ ա­մե­նէն սուղ զո­հա­բե­րում բե­րող­նե­րը։ 

Այս մտո­րում­նե­րով տո­գո­րուած, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան թե­մի ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան մշտա­պէս մեծ տեղ տուած է ե­րի­տա­սար­դու­թեան, փոր­ձած է ներգ­րա­ւել ե­րի­տա­սարդ­նե­րը Ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տէն ներս, հա­ւա­տա­լով՝ որ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար ա­ւիշ է, ո­րուն մի­ջո­ցաւ ան կը սնա­նի, կ՚ուռ­ճա­նայ եւ կը դառ­նայ կեն­սու­նակ ու գոր­ծօն։ 
Ար­դա­րեւ, «Քրիս­տո­նեայ ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն դէ­պի Հա­յաս­տան» ծրա­գի­րը հիմ­նուած է 1992 թը-ւա­կա­նին, Գա­նա­տա­յի մէջ, Յով­նան Սըր-բա­զա­նին մտայ­ղաց­մամբ։ Ա­րեւմ­տեան թե­մի ա­ռաջ­նորդ ընտ­րուե­լէ ետք, սրբա­զա­նը սոյն ծրա­գի­րը նաեւ այս թե­մի մէջ ներ­մու­ծեց։ Ա­ռա­քե­լու­թեան նպա­տակն է թե­մի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ա­ռիթ ըն­ձե­ռել Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու, այն­տեղ հայ­րե­նա­շի­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու, բա­րե­գոր­ծա­կան ծրա­գիր­ներ ի­րա­գոր­ծե­լու, կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րուն օգ­նե­լու, դա­սա­ւան­դե­լու, բնա­կա­րան­նե­րու շի­նա­րա­րու­թեանց աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու…։
2017 թուա­կա­նի մաս­նա­կից­նե­րէն Ան­նա Մու­րա­տեանց իր զգա­ցում­ներն ու ապ­րում­նե­րը կը բնու­թագ­րէ՝ ը­սե­լով. «Ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը եզ­րա­փա­կե­լու հա­մար մենք Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ եւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան այ­ցե­լե­ցինք, ո­րոնք ին­ծի հասկ­ցու­ցին, որ մեր ե­րակ­նե­րու մէ­ջէն անց­նող ա­րիւ­նը հա­զուա­գիւտ ար­ժէք մըն է, ո­րոնց հա­մար մեր նախ­նիք նա­հա­տա­կուե­ցան եւ մա­հը ցմրուր ըմ­պե­ցին։ Հե­տե­ւա­բար, մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է, որ Հա­յաս­տա­նը մեր մէջ մարմ­նա­ւո­րենք՝ իր ջեր­մու­թեամբ եւ պայ­քա­րով՝ գո­յա­տե­ւե­լու եւ ա­ւե­լի բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան ու­նե­նա­լու հա­մար։ Մէկ ա­միս Հա­յաս­տա­նի մէջ ըլ­լալ՝ կը նշա­նա­կէ հայ մշա­կոյ­թին եւ հայ հա­ւատ­քին ըն­դե­լու­զուիլ եւ զա­նոնք մեր ողջ կեան­քի ըն­թաց­քին ապ­րիլ ու ապ­րեց­նել»։­
Այս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը 14 տա­րի­նե­րէ ի վեր իր ծրա­գիր­նե­րը կ՚ի­րա­գոր­ծէ, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած են ա­ւե­լի քան 130 մաս­նա­կից ե­րի­տա­սարդ­ներ։ Ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը, ի­րենց մէ­կամ­սեայ հայ­րե­նիք կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, հայ­րե­նի հո­ղի շուն­չով զսպա­նա­կուած, հայ հո­ղի սրտի տրո­փիւ­նը եւ հայ հո­ղի կեան­քի շուն­չը ի­րենց ներ­սի­դին ու մաշ­կին վրայ զգե­ցած, ի­րենց հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին, պատ­մա­կան պա­պա­կը յա­գե­ցու­ցած՝ վե­րա­դար­ձած են ի­րենց բնա­կա­վայ­րե­րը, ի­րենց հո­գիին մէջ վառ պա­հե­լով հայ ո­գին ու շուն­չը։
Ծրագ­րի պա­տաս­խա­նա­տու՝ Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Ա­բո­վեան մեր հետ ու­նե­ցած հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին ծրագ­րի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը այս­պէ՛ս բնո­րո­շեց. «Մեր ծրագ­րի նպա­տակն է Սփիւռ­քի մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կա­պել ի­րենց հայ­րե­նի­քին ու Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Այդ մէկ ամ-սըւայ ըն­թաց­քին եւ ուխ­տագ­նա­ցու­թեամբ մենք կը կա­րո­ղա­նանք ի­րենց առ­ջեւ բա­նալ հայ­րե­նի­քի ու Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը նաեւ կը մաս­նակ­ցին ծա­ռա­յո­ղա­կան ծրագ­րե­րու, ո­րոնց ըն­թաց­քին կ՚ապ­րին եւ կը շփուին հայ­րե­նի­քի գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րուն մէջ ապ­րող մեր ժո­ղո­վուր­դի հետ։ Երբ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կ՚ապ­րին այդ մարդ­կանց հետ, ճիշդ կը հաս­կա­նան եւ կ՚իւ­րաց­նեն այդ ժո­ղո­վուր­դի դժուա­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հայ­րե­նի­քի օրհ­նու­թիւն­նե­րը։ Իսկ երբ կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց հա­մայնք­նե­րը, ար­դէն դար­ձած կ՚ըլ­լան դես­պան­նե­րը ի­րենց հայ­րե­նի­քին ու Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Յով­նան Սրբա­զա­նը միշտ կա­րե­ւո­րած է ե­րի­տա­սար­դու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւնն ու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին։ Ա­նոր հա­մար ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ո՛չ միայն մեր ա­պա­գան է, այ­լեւ՝ ներ­կան»։­
Այս տա­րի եւս, Յու­լիս ամ­սուայ ըն­թաց­քին տաս­նեակ ե­րի­տա­սարդ­ներ «Քրիս­տո­նեայ ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն Դէ­պի Հա­յաս­տան» ծրագ­րի մի­ջո­ցաւ պի­տի այ­ցե­լեն ի­րենց հայ­րե­նի­քը՝ ի­րենց սե­փա­կան աչ­քե­րով տես­նե­լու ան­կորն­չե­լի մեր գան­ձե­րը, պատ­մու­թիւ­նը եւ ա­ւե­լի եւս ծա­նօ­թա­նա­լու Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան, դա­ւա­նան­քին ու վար­դա­պե­տու­թեան։ 
Ա­հա ա՛յս նպա­տակ­նե­րը կը հե­տապն­դէ «Քրիս­տո­նեայ ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն դէ­պի Հա­յաս­տան» ծրա­գի­րը՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը Ե­կե­ղե­ցիին ա­ւե­լի կա­պե­լու հա­մար։ Ինչ­պէս որ ար­տա­քին աշ­խար­հը, նոյն­քան եւ Ե­կե­ղե­ցին կա­րի­քը ու­նի նոր ու թարմ ու­ժի։ Ե­կե­ղե­ցին կա­րիքն ու­նի կազ­մա­ւոր­ման, ինչ­պէս կեան­քի միւս բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րը։ Ե­կե­ղե­ցին կա­րիքն ու­նի կեն­դա­նի մնա­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու, ինչ­պէս ա­մէն գո­յակ։ Ե­կե­ղե­ցին կա­րիքն ու­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեան՝ ե­րի­տա­սար­դաց­նե­լու հա­մար ինք­զինք։ Ե­կե­ղե­ցիէն ներս որ­քան ա­ւե­լի ե­րի­տա­սար­դու­թիւն թա­փան­ցէ, այն­քան ա­ւե­լի կեն­սու­նակ օ­րեր ու շող­շո­ղուն ա­պա­գայ մը կ՚ու­նե­նայ ան քրի­տո­սա­ւանդ ծա­ռա­յու­թեան մէջ, ո­րով­հե­տեւ ի վեր­ջոյ Ե­կե­ղե­ցին աս­տուա­ծա­հիմն հաս­տա­տու­թիւն է՝ Քրիս­տո­սի վրայ հիմ­նուած եւ Ա­նով ա­ռաջ­նոր­դուո­ղ։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018