ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ Ամանորի շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Մանկապարտէզի փոքրիկներու հանդէսը առանձնապէս ուշագրաւ էր՝ քանի անոնց երկարատեւ պատրաստութիւնները պսակուեցան բացառիկ յաջողութեամբ։ Փոքրիկ սաներու ելոյթները պայմանաւորեցին՝ լեփլեցուն սրահի տրամադրութիւնը։ Անոնց արժանացած որոտընդոստ ծափահարութիւնները վաղահաս ամանորեան նուէրներու վերածուեցան իրենց տեսակէտէ։

Ներկաներու շարքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան ընտանիքի վարիչներ։ Հանդիսութեան ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքեր արտասանեցին վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։

Հուսկ, Կաղանդ պապուկը սրահ ժամանեց եւ նուէրներ բաժնեց փոքրիկներուն, ինչ որ հրճուանքը հասցուց գագաթնակէտին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2025