ԵՐԱԽՏԻՔ՝ ՍՕՆԱ ԿԻՒԶԷԼԵԱՆԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ գլխաւորեց Պատրիարքարանի անձնակազմի հաւաքոյթին:
Պատրիարքական Աթոռի բազմամեայ ծառայող, Խորհրդակատարութեանց գրասենեակի քարտուղար Սօնա Կիւզէլեան աւելի քան երեսուն տարիներու անխոնջ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ:
Նորին Ամենապատուութիւնը մէկտեղման ընթացքին բարձր գնահատեց Սօնա Կիւզէլեանի նուիրեալ ծառայութիւնը եւ ըսաւ, որ ան իր ընտանիքով հանդերձ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ եղած է: Կիւզէլեան, առանց արձակուրդի եւ խիստ կանոնաւորութեամբ ծառայեց Աթոռին՝ արժանանալով իր պաշտօնավարած շրջանի պատրիարքներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի գնահատանքին:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ Սօնա Կիւզէլեան ներկայիս կը թողու իր պաշտօնը, սակայն կը մնայ Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնէութեան հարազատ անդամը եւ պատրաստ է գործակցելու ամէն պահու, երբ անհրաժեշտ ըլլայ իր ներկայութիւնը կամ աշխատակցութիւնը: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ Սօնա Կիւզէլեանին նուիրեց խաչ մը եւ արեւշատութիւն մաղթեց կեանքին յառաջիկայ օրերուն:
Հուսկ, Սօնա Կիւզէլեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը, որու ընթացքին ըսաւ, թէ աւելի քան երեսուն տարիներու ընթացքին իր տունը նկատած է Պատրիարքարանը եւ ծառայած՝ ուրախութեամբ, իսկ հիմա հրաժեշտ կ՚առնէ՝ անդորր խղճով ու աղօթելով Պատրիարքական Աթոռի անսասանութեան համար: