Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՆՈՒԱՃՄԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Ենիգաբուի նոր հրապարակին վրայ մասնակցեցաւ Իսթանպուլի նուաճման տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած խրախճանքին։ Իսթանպուլի նուաճման 562-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած խրախճանքը իրականացաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեամբ ու մասնակցութեամբ։ Պետական աւագանին ալ ներկայ էր ամբողջական կազմով, իսկ Նորին Սրբազնութիւնը ընդառաջած էր իրեն ուղղուած պաշտօնական հրաւէրին։
Մեծ հանրահաւաքի մը ձեւաչափին մէջ տեղի ունեցաւ այս խրախճանքը, որու ընթացքին Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան իր խօսքերուն մէջ վերստին ակնարկեց «Զուգահեռ կառոյցի» եւ Հայկական լոպիի յարաբերութիւններուն։