ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Մինչ սրահի մուտքին ներկայացուած էին տղոց գծագրական աշխատանքները, հանդէսի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ուսուցչուհիներ Թալին Չելիք եւ Պուրճու Իլտենիզ։ Ծնողներու անունով ալ արտայայտուեցաւ Էլէնա Քամպար։ Յայտագրի գործադրութիւնով փոքրիկները արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Դպրոցի ուսուցչական կազմի ջանքերով ձեւաւորուած ծրագիրը եկաւ հաստատել, թէ տղաքը իսկապէս յաջող եւ արդիւնաւէտ կրթաշրջան մը աւարտած էին։ Գատըգիւղի տիկնանց կազմին կողմէ փոքրիկներուն համար պատրաստուած յուշանուէրներուն յանձնումէն վերջ, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի շնորհաւորութեան խօսքով եզրափակուեցաւ յայտագիրը։
Հանդէսին ներկայ գտնուեցան նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղ. խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ իր գործակից ընկերները, նաեւ Գատըգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ։
Հուսկ, փոքրիկները խանդավառութեամբ հատեցին եւ համտեսեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։