ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐԻՆ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿ
Շիշլի մարզակումբի երախտաշատ սիւներէն, համայնքային շրջանակներու անմոռանալի մարզական գործիչներէն հոգելոյս Նազար Հանչէր յետմահու արժանացաւ մրցանակի մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Նազար Հանչէր մօտաւոր անցեալին եղած էր յանկարծամահ եւ իր կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Յամենայնդէպս, այդ տխրութիւնը սահմանափակ չէ մնացած միայն մեր համայնքով եւ լայն հասարակութիւնն ալ կ՚արձագանգէ անոր կորուստին։
Այսպէս, յետմահու Նազար Հանչէրին շնորհուեցաւ հոգելոյս մարզական մեկնաբան Արման Թալային ի յիշատակ հաստատուած մրցանակը։ Թուրքիոյ Լրագրողներու ընկերակցութեան եւ Թուրքիոյ Մարզական գրողներու միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցանակաբաշխութեան ժամանակ երէկ պարգեւատրուեցան այս տարուան դափնեկիրները, որոնք արժանի համարուած էին դատակազմին կողմէ։ Անոնց շարքին էր նաեւ հոգելոյս Նազար Հանչէր։
Անգարայի մէջ, Թուրքիոյ Լրագրողներու ընկերակցութեան հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպուած արարողութեան մասնակցեցաւ Նազար Հանչէրի այրին՝ Էլմոն Հանչէր։ Հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ անոր յանձնուեցաւ յետմահու Նազար Հանչէրին համար տրուած մրցանակը։ Այս փուլին մասնաւորապէս շեշտուեցաւ, որ ան «մարզական դեսպան» մըն էր՝ քանի մեծ եռանդով կը հիւրընկալէր արտասահմանէն Թուրքիա եկած մարզական պատուիրակութիւնները։ Էլմոն Հանչէրի կողմէ պարգեւի ստանձնման պահուն հանգուցեալ Նազար Հանչէր ոգեկոչուեցաւ բիւր յարգանքով։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024