ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Թաղի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահին մէջ կազմակերպուած հանդէսին մասնակցեցան նաեւ Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչները։ Փոքրիկներու ծնողներուն եւ հիւրերուն տեսակէտէ բացառիկ յուզիչ էր՝ հետեւիլ անոնց զանազան ելոյթներուն, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու։ Իր կարգին, վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Ալին Իւճելի հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին փոքրիկները շրջապատուեցան ջերմօրէն։

Շաբաթ, Յունիս 1, 2024