ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ համայնքային բարերար Վրթանէս Սաաթճըի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Այս առթիւ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան համայնքային հաստատութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք փութացած էին արտայայտելու իրենց վերջին յարգանքը։ Արարողութեան ներկայ էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորգ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Յուղարկաւորութեան նախագահեց եւ կուռ դամբանական մը խօսեցաւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան եւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ներկայացուցիչները կերոնակիր էին դագաղին շուրջ՝ նկատի ունենալով, որ հանգուցեալը իր զօրակցութիւնը բերած էր առաւել չափով մեր այս երեք բարենպատակ հաստատութիւններուն։
Յուղարկաւորութեան աւարտին բոլորը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ Վրթանէս Սաաթճըի, որու մարմինը ըստ իր կտակին ամփոփուեցաւ իր լուսահոգի մօր եւ քրոջ կողքին՝ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։