ՇԱՀԷ ՏԷՐ-ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ
Սփիւռքահայ արուեստագէտ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան, որ այժմ իր բնակութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ, վերջերս այցելեց քաղաքս, ուր իր գործերը ցուցադրեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, տեղւոյն մատաղօրհնութեան հանդիսութեանց առթիւ։ Շահէ Տէր-Յարութիւնեանի գործերը ալ ծանօթ է համայնքային շրջանակներուն, քանի որ սիրուած արուեստագէտը տարիներ առաջ նոյնպէս եկած էր Պոլիս եւ իր ձեռագործ աշխատանքները ցուցադրած՝ համայնքայիններուն։ Քաղաքս գտնուելու առիթէն օգտուելով ան եւ իր գործակից բարեկամուհին՝ Քրիստինէ Սաֆարեան այցելեցին խմբագրատունս, ուր իրենց հետ ունեցանք հաճելի ու մտերմիկ զրոյց մը։ Հալէպահայ արուեստագէտը իր կրթութիւնը ստացած է Երեւանի մէջ։ Երկար տարիներ ան Հալէպի ու Պէյրութի մէջ ստեղծագործած է՝ իր կապը ամուր պահելով Հայաստանի հետ, ուր այժմ կը բնակի ու կը ստեղծագործէ։ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան արդէն վերադարձած է Երեւան։
Թրքահայ կեանք
- 06/08/2023