ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ Նշան Չալկըճեանի առաջնորդութեամբ։ Ս. Պատարագի ընթացքին օրուան պատգամը տուաւ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան, որ գնահատեց Գանտիլլիի թաղային խորհուրդի ատենապետ Տիգրան Գէորգեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը։  

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017