ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու տեղեկացուց, որ 22 Հոկտեմբերին նախատեսուած է եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Ուստի, ան խնդրեց Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութիւնը։ Ատենապետը տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։

Նորին սրբազնութիւնը Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց աշխատանքներուն համար։  

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017