ԹՎՄ-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հերթական ժողովը։ Թէեւ այս մէկը, ըստ էութեան, ատենապետները համախմբող հարթակ մըն է, սակայն, երէկուան ժողովէն բազմաթիւ ատենապետներ բացակայեցան եւ անոնց գլխաւորած խորհուրդները ներկայացուեցան այլ անդամներու կողմէ։

ԹՎՄ-ի երէկուան ժողովը գլխաւորեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, նորաստեղծ Կրթական յանձնախումբին ալ գլուխը կը գտնուի։ Շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած էր ԹՎՄ-ի Կրթական յանձնախումբին ժողովը, հետեւաբար երէկուան աշխատանքն ալ ընթացաւ այդ քննարկումներուն ի շարունակութիւն։ Նիստը դռնփակ էր։ Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, ժողովականները առաջնահերթօրէն ուշադրութիւն ցուցաբերեցին վարժարաններու պիւտճէի բացերուն նկատմամբ։ Այս հարցին նկատմամբ ցուցաբերուած նախապատուութեան հիման վրայ տրուեցան մանրամասնութիւններ եւ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Ընդհանուր բացը հաւասարակշռելու համար յաւելեալ այլընտրանքներու շուրջ որոնումներն ալ շարունակուեցան։ Այն հաստատութիւնները, որոնք հնարաւորութիւններ ունին, տեղեկացուցին, թէ ի՛նչ մակարդակով կամ աստիճանով նպաստ մը կրնան բերել՝ բոլոր դպրոցներուն բացը հաւասարակշռելու հետամուտ ընդհանուր պաշարի մը ձեւաւորմամբ։

Միւս կողմէ, նոյնպէս մեր ստացած անպաշտօն լսումներով, համայնքային մամուլի խնդիրներն ալ հերթական անգամ արծարծուեցան ԹՎՄ-ի կողմէ, որ որոշած է մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմել՝ աւելի մօտէն դիտարկելու համար համայնքային մամուլին խնդիրները:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023