ՀՐՃՈՒԱՆՔ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամն ու նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի Հեր­մի­նէ Պեն­լիօղ­լուն, որ ներ­կա­յիս կը հա­մա­կար­գէ Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ծրագ­րե­րը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը կը պատ­րաս­տուի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ուղ­ղեալ ծա­նօ­թաց­ման ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պել՝ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նոր շէն­քին հա­մար։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Նո­յեմ­բե­րի 21-ին, Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը հա­մայն­քին հա­մար նա­խա­տե­սած է Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րին դռնե­րը բա­նալ ծա­նօ­թաց­ման նպա­տա­կով եւ հա­ւա­քոյ­թը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­ռիթ մը պի­տի ըլ­լայ մե­ծա­րե­լու, ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րու ա­ռար­կայ դարձ­նե­լու հա­մար բա­րե­րար­նե­րը։

Ա­լիս Պայ­րամ եւ Հեր­մի­նէ Պեն­լիօղ­լու ե­րէ­կուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ա­մէն ին­չով ար­դէն փո­խուած է Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ա­ռօ­րեան։ Ֆի­զի­քա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայ­նու­մը Տա­տեա­նի ըն­տա­նի­քին հա­մար իր հետ բե­րած է նոր շունչ, թարմ ե­ռանդ, աշ­խա­տան­քի նոր կո­րով։ Եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ պատ­մա­կան շէն­քի թէեւ հա­ճե­լի, սա­կայն ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն սահ­մա­նա­փակ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ աշ­խա­տե­լէ վերջ տա­տե­նա­ցի­նե­րը հի­մա ար­դէն ու­նին նոր բոյն մը, ո­րու կա­ռու­ցու­մը ոչ միայն Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին, այլ մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին, պոլ­սա­հայ ամ­բողջ կրթա­կան հա­մա­կար­գին տե­սա­կէ­տէ նուա­ճում մը կը հա­մա­րուի։ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին վա­րիչ­նե­րը այ­սօր եր­կար ու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քի, անձ­նու­րաց զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու ար­գա­սի­քը կը վա­յե­լեն եւ այս մթնո­լոր­տին մէջ միակ ան­փո­փո­խը կը մնայ ի­րենց կէտ նպա­տա­կը՝ ա­ւե­լի լաւ, բարձր ո­րա­կով ու ա­ւե­լի կա­տա­րեալ ու­սում մը, հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն մը ջամ­բել մեր նոր սե­րուն­դին։

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նոր շէն­քի պա­րա­գա­յին հիմ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րած էր ան­ցեալ վե­րա­մու­տին։ Սա ա­մե­նա­նա­խընտ­րե­լի եւ ա­մե­նատ­րա­մա­բա­նա­կան ձեւն էր, ան­շուշտ, ո­րով­հե­տեւ նո­րա­կերտ կրթա­կան հա­մա­լի­րէն ներս ա­շա­կեր­տին եւ կրթա­կան մշա­կին մուտ­քը ար­դէն ո­չին­չով կա­րե­լի էր փո­խա­րի­նել, որ­պէս բաց­ման հանգ­րուան։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը այդ փու­լէն վերջ չէ փա­փա­քած ա­ւե­լի փար­թամ ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պել, քա­նի որ վե­րա­մու­տի խոր­հուր­դը լիու­լի տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծած էր նո­րա­կերտ դպրո­ցին մէջ։

Միւս կող­մէ, սա­կայն, քա­նի որ այս ձեռք­բե­րու­մը ու­նի նաեւ ե­րախ­տա­գի­տա­կան ե­րե­սակ մը, Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին վա­րիչ­նե­րը յար­մար նկա­տած են հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր այս ձեռք­բե­րու­մը ար­դա­րաց­նել մաս­նա­ւո­րա­պէս ի­րենց բա­րե­րար­նե­րը մե­ծա­րե­լով։ Հի­մա ու­րեմն Տա­տեան պատ­մա­կան վար­ժա­րա­նին առ­ջեւ բա­ցուած այս նոր հո­րի­զո­նին եր­ջան­կու­թեամբ հա­մա­կուած՝ պա­քըր­գիւղ­ցի­նե­րը պի­տի ող­ջու­նեն մեր հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րուն վար­չա­յին­ներն ու մեր բա­րե­րար­նե­րը, ո­րոնց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը նա­խախ­նա­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած է նոր կրթօ­ճա­խի կերտ­ման ճա­նա­պար­հին։

Ա­լիս Պայ­րամ եւ Հեր­մի­նէ Պեն­լիօղ­լու ե­րէ­կուան մեր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցու­ցին նաեւ, թէ բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ի­րենց ծնող­նե­րուն կող­մէ դրա­կան ար­ձա­գանգ կ՚ու­նե­նան վար­ժա­րա­նի նոր մթնո­լոր­տին եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015