ՎԱՂԸ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը վաղը պիտի շարունակուի՝ այս անգամ միակ կէտի մը համար։ Այսպէս, ընտրողները քուէատուփի մօտ պիտի փութան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նոր կազմը ընտրելու նպատակով։ Իսթանպուլի Ա. ընտրաշրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւնը՝ համայնքային հաստատութիւններու ցանցին կողմէ կազմուած ընդհանուր ընտրական մարմնի վերահսկողութեան ներքեւ։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած է երկու խումբ։ Այսպէս, մեր համայնքի անդամները վաղը նախընտրութիւն մը պիտի ընեն Կանաչ եւ Կապոյտ ցուցակներուն միջեւ։ Հարկ է նշել, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան այլեւս բաւ համարած է իր պաշտօնավարութիւնը եւ որոշած է փոխանցել իր հերթը։ Այժմու թաղային խորհուրդի կորիզով ձեւաւորուած ցանկ մը յամենայնդէպս կը մասնակցի ընտրութեան, կայ նաեւ բոլորովին նոր ցուցակ մը։