ՄԽԻԹԱՐԱՆՔ ԵՒ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին այցելեց աղէտի գօտի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ երէկ ձեռնարկեց ուղեւորութեան, այսօր երեկոյեան արդէն կը վերադառնայ քաղաքս։ Մինչ իրերայաջորդ երկրաշարժներու պատճառած ահաւոր ցնցումը եւ ծանր հետեւանքները կը շարունակեն պայմանաւորել ամբողջ երկրի բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մեծ պահոց ներկայ նուիրական շրջանին այցելութեան փութաց աղէտի գօտի։ Թրքահայութեան գաւառաբնակ անդամներուն տեսակէտէ այս այցելութիւնը իսկապէս չափազանց մեծ նշանակութիւն ունեցաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ամէնուրեք իր հայրական գուրգուրանքին առարկայ դարձուց աղէտեալները եւ հետաքրքրուեցաւ անոնց կարիքներով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկ կողմէ մխիթարեց բոլորը, իսկ միւս կողմէ արտայայտեց հայրական ամուր զօրակցութիւնը։

Երէկ առաւօտ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլէն օդային ճամբով մեկնեցաւ Ատանա, ուրկէ անցաւ Հաթայ։ Իրեն ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Տեղւոյն վրայ միացան նաեւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջին հերթին ցաւակցական այցելութիւններ տուաւ Հաթայի կուսակալ Ռահմի Տողանին եւ քաղաքապետ Լիւթֆիւ Սավաշին։ Այս զրոյցներուն ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւ յայտնեց պատահած ահաւոր բնական աղէտին բերումով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր համայնքի գաւառաբնակ անդամներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար։ Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցան նաեւ աւերուած սրբավայրերու ապագայ վերանորոգութեան վերաբերեալ հնարաւորութիւններուն, ծրագիրներուն եւ համապատասխան հեռանկարներուն։

Այս պաշտօնական հանդիպումներէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուղեւորուեցաւ Վաքըֆլըգիւղ, ուր այցելեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ պաշտամունքի փակուած է երկրաշարժէն վերջ։ Գիւղի հրապարակին վրայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ մէկտեղուեցաւ աղէտեալ գիւղացիներուն հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մի առ մի հետաքրքրուեցաւ բոլորին կարիքներով, մտահոգութիւններով եւ միշտ ընդգծեց, որ Պատրիարքական Աթոռը եւ ամբողջ թրքահայ հաստատութիւնները, Իսթանպուլի մերազն հաւատացեալ ժողովուրդը զգայնութիւն կը ցուցաբերեն աղէտեալներու կարիքներուն նկատմամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղւոյն վրայ ականատես եղաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին կողմէ ուղարկուած օժանդակութիւններուն եւ անոնց արժեւորման ձեւերուն։

Վաքըֆլըգիւղէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երեկոյեան անցաւ Իսքենտէրուն, ուր տեղւոյն հայ համայնքին հետ ճաշարանի մը երդիքին տակ, ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ։ Այս փուլին եւս Նորին Ամենապատուութիւնը հետաքրքրուեցաւ բոլորի կարիքներով եւ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուց նաեւ տեղւոյն եկեղեցւոյ կացութիւնը։

Իսքենտէրունի մէջ գիշերելէ վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առաւօտ ցամաքի ճամբով անցաւ Մերսին, ուր եւս թէ՛ քաղաքի եւ թէ շրջակայքի մեր համայնքի անդամներուն հետ մէկտեղուեցաւ յետերկրաշարժային իրավիճակին մէջ։ Երեկոյեան ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն կը վերադառնայ իր Աթոռը։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2023