ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ
Կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր ակադեմական՝ տքթ. Մերի Թաքսի Տեւէճեան եւ Արաս Եոլուսեւէր պատրաստած են շահեկան ու ծաւալուն տեղեկագիր մը՝ թրքահայ երիտասարդութեան բարձրագոյն ուսման նախընտրութիւններուն տեսակէտէ։ Այսպէս, երկու ակադեմականները համադրած են ուշագրաւ վիճակագրական տուեալներ, որոնց լոյսին տակ կը բիւրեղանայ, թէ պոլսահայ լիսէներու շրջանաւարտները վերջին 5 տարիներուն ի՛նչ նախընտրութիւն ունեցած են համալսարանի մտից քննութիւններուն ժամանակ։
Այս ուսումնասիրութիւնը, որու արդիւնքները երէկ յանձնուեցան նաեւ համայնքային մամուլի նկատառման, ձեւաւորուած են 2017-2021 տարիներու տուեալներուն հիման վրայ։
Վերջին 5 տարիներուն պոլսահայ լիսէներէն վկայուած 637 շրջանաւարտ նկատի առնուած է այս աշխատանքին մէջ։ Աշակերտներուն 54.6 տոկոսը կը պատկանի իգական սեռի, իսկ 45.4 տոկոսը արական սեռի։ Համայնքային լիսէներու 637 շրջանաւարտներու 32.5 տոկոսը նախընտրած է (կամ կարողացած մուտք գործել) պետական համալսարաններ, իսկ 67.5 տոկոսը՝ մասնաւոր (վաքըֆ) համալսարաններ։
Թէ՛ իգական եւ թէ արական սեռէ շրջանաւարտներու պարագային, վերջին 5 տարիներու կտրուածքով, պոլսահայ երիտասարդներու կողմէ առաւել չափով նախընտրուածը եղած է «Պիլկի» համալսարանը, որ մասնաւոր է։ Երկու սեռերու պարագային ալ երկրորդ հորիզոնը կը զբաղեցնէ պետական մը՝ Իսթանպուլի համալսարանը։