ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խումբ մը սաներ։ Խնամակալութեան անդամուհիներէն Թամար Քարասուի եւ դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի կողմէ գլխաւորուած խումբին այցելութիւնը զուգադիպեցաւ 2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ հիւրաբար կը գտնուէր քաղաքիս մէջ։

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց Գալֆաեան Տան նախաձեռնութեամբ մօտաւոր անցեալին կազմակերպուած միջվարժարանային մարզական ձեռնարկը։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուց Գալֆաեանի սաները, ուրախութիւն յայտնեց անոնց հետ մէկտեղուելու առիթին համար եւ փոխանցեց օրհնութիւններ։ Ան պատասխանեց նաեւ սաներու հարցումներուն։

ՎԻԵՆՆԱՅԷՆ ՀԻՒՐ

Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի կուսակալ ու քաղաքապետ տքթ. Մայքըլ Լուտվիկի հետ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ գտնուեցան Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ տուաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի եւ Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան շուրջ։

Շաբաթ, Յունիս 11, 2022