ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդիսութիւնը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Դպրոցի պատասխանատուները, ծնողներ եւ հիւրեր մասնակցութիւն բերին յայտագրին՝ ուրախակից ըլլալով մանկապարտէզի փոքրիկներուն, որոնք իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Դպրոցի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024