ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ ապրեցաւ մեծ հրճուանք։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ բաժակի օրուան առթիւ համախմբուեցան դպրոցին մէջ։ Սանուց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ իր գործակից ընկերները, դպրոցի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ այլ պատասխանատուներ։ Յայտագրին տեւողութեան յոբելեար դասարանները բոլորի ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձան։ Սրտի խօսքերէ եւ այլ ելոյթներէ բաղկացեալ յայտագրին ընթացքին բոլորը բաժակ բարձրացուցին Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի յարատեւութեան համար։

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024