ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի առաջին դասարանի աշակերտներու ընթերցման տօնը։ Ձեռնարկը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ մինչ առաջին դասարանի սաները բոլորի գնահատանքին արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Ծնողաց միութեան կողմէ անոնց յանձնուեցան հեքիաթի գիրքեր։ Արձակուրդէն առաջ տղաքը ստացան նաեւ իրենց վկայականները։

Տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղն ալ գնահատեց թէ՛ տղաքը, թէ՛ կրթական մշակները եւ թէ ծնողները, որոնց ներդաշնակութեամբ կրթական տարին եզրափակուած է յաջողութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024