ՈՂԲ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԻՆԴԼԵԱՆ Կ՚ՈԳԵԿՈՉՈՒԻ ՀՄԸՄ-Ի 100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ) այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ նախատեսուած են մեծ տօնակատարութիւններ, որոնք պիտի համախմբեն ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած ցանցի ներկայացուցիչները։ Ըստ մարզական աշխարհի ընդունուած նախընթացներուն ու ծէսին, յոբելենական տօնակատարութիւններուն ընթացքին պիտի վառուի ջահ մը։ Այդ ջահը պիտի վառուի ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներու գերեզմաններէն տարուելիք լոյսերով։

Հարկ է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներու շարքին կը գտնուի արեւմտահայ մանկավարժութեան անմոռանալի ու տիրական անուններէն մին՝ հոգելոյս Յովհաննէս Հինդլեան, որու շիրիմը կը գտնուի Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ։ Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ՝ վաղը Յովհաննէս Հինդլեանի շիրմին վրայ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն մը։ Յանուն ՀՄԸՄ-ի, արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ հայ մամլոյ աշխարհէն ծանօթ դէմք մը, Գեղամ Մանուկեան, որ Հայաստանի «Երկիր մետիա» հեռուստակայանի տնօրէնն է։ Գեղամ Մանուկեան, որ այսօր կէսօրուան ժամերուն հասաւ քաղաքս, յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ կ՚ընդունուի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։

Ողբացեալ Յովհաննէս Հինդլեանի շիրմին վրայ վաղը կատարուելիք հոգեհանգստեան պաշտօնին ժամանակ վառուելիք մոմը՝ յառաջիկայ օրերուն պիտի օգտագործուի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Երեւանի յոբելենական արարողութիւններուն ժամանակ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018