ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցաւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը։ Այս դպրաց դասու հիմնադրութեան 160-րդ եւ վերակազմութեան 35-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Առընթերակայ էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Եղիա Սրկ. Չալըշըր, Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ կատարուեցան՝ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ եւ Սիրուն Սիրունեանի երգեհոնահարութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին վերյիշուեցան դպրաց դասու հանգուցեալ հիմնադիրները, երաժշտապետները, դպրապետները, անդամներն ու սատարողները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Ներսէսեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան աշխարհիկ հանդիսութիւնը գլխաւորեց իր կողքին ունենալով Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանն ու Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը։ Ներկայ էին նաեւ կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր ընկերները։
Օրուան յայտագրին ընթացքին Սայաթ Սրկ. Չընարեանի կողմէ գլխաւորուած տնօրէն խորհուրդի տարեկան տեղեկագիրը ներկայացուց՝ դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, որ բացատրութիւններ տուաւ ծաւալուած գործունէութիւններուն շուրջ։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Լեւոն Շատեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Կարկանդակ մը պատրաստուած էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի տարեդարձին առթիւ։ Այդ մէկը հատուեցաւ ծափահարութիւններու ներքեւ եւ բոլոր ներկաները անսպառ կորով մաղթեցին երիտասարդ եկեղեցականին։ Յայտագրին տեւողութեան գնահատագրեր յանձնուեցան շուրջ տասնհինգ անձնաւորութիւններու, որոնք ամրան շրջանին իրենց զօրակցութիւնը բերած էին եկեղեցւոյ եւ դպրաց դասու գործունէութիւններուն։ Խմբավար Հրանդ Չիզմէճեանի գլխաւորութեամբ դպրաց դասու անդամները ներկայացուցին նաեւ աշխարհիկ երգեր։
Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքով եւ Տէրունական աղօթքով։