ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ ՀԱՅՐ ԳԱՍՊԱՐ ՎՐԴ. ՊԷՅԼԷՐԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՍՈՒՐԲ ԼԵՒՈՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի յուղարկաւորութիւնը։ Երկար տարիներ ան որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած էր այս եկեղեցւոյ մէջ եւ իր յուղարկաւորութիւնն ալ կատարուեցաւ նոյն երդիքին տակ՝ յընթացս Ս. Պատարագի։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռին ներկայ գտնուեցան Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Ս. Պատարագը մատոյց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Հայր Միքայէլ Վրդ. Ուչար։ Ներկայ էր նաեւ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ Բացի քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներէ, Զմմառի վանքէն ալ ներկայացուցիչ մը մասնակցեցաւ յուղարկաւորութեան եւ փոխանցեց կաթողիկէ հայոց հոգեւոր տիրոջ ցաւակցական պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին քարոզեց պատարագիչ վարդապետը, որ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի բազմամեայ ծառայութեան մասին։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Թեմական երգչախումբին կողմէ՝ Արեգ Տոլտուրեանի մականին ներքեւ։

Յաւարտ արարողութեան, Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի կաթողիկէ հայոց գերեզմանատան մէջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017