ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Վերջին տարիներուն՝ Պագըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնութիւնը կ՚ուզէ արտասահմանի վարժարաններու հետ աշխոյժ  կապեր հաստատել ու մշակութային գործունէութիւններ ծաւալել։ Այս կապակցութեամբ բեղուն աշխատանք կը տանի վարժարանի գիտութեան ուսուցչուհի՝ Սիպել Արբաճըք: Այս ծիրէն ներս՝ 2007 թուականին Տատեան վարժարանը հիւրընկալեց Գերմանիոյ, 2009 թուականին  Հալէպի եւ 2015 թուականին Լեհաստանի վարժարաններէ աշակերտներ եւ ուսուցիչներ։ Ապա իրականացուց փոխայցելութիւններ:

Իսկ այս տարի՝ մայիս ամսուան մէջ շաբթուան մը համար Տատեանի ընտանիքի հիւրը եղաւ Հայաստանի Մխիթար Սեբաստացի վարժարանի աւագ բաժնի տնօրէնուհի՝ Մարթա Ասատրեան, որու միացած էին չորս ուսուցչուհիներ եւ ութ աշակերտներ: Տատեանի սաները իրենց տուներուն մէջ ընդունեցին հայաստանցի իրենց եղբայրները եւ անոնց հետ Պոլսոյ տեսարժան վայրերու պտոյտներ կատարելով անմոռանալի պահեր ապրեցան: Նաեւ միասնաբար հանդէս մը պատրաստելով հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ մշակութային ամուր կապեր հաստատեցին:

Իսկ վերամուտի սեմին՝ 3-7 սեպտեմբեր 2018 թուականներու միջեւ, Տատեանի 22 սաներ իրենց տնօրէնուհիին՝ Ալիս Պայրամի  եւ քանի մը ուսուցչուհիներու հետ փոխայցելութիւն տուին Հայաստան: Տատեանցիները կը փափաքէին հայրենիքի օդը շնչել, ջուրը ըմպել եւ տեսարժան պատմական վայրերու գեղեցկութիւնը ըմբոշխնել: Մխիթար Սեբաստացի վարժարանի աւագ բաժնի տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ՝ Տատեանի խումբը այցելութիւն տուաւ Մատենադարան, Կասկատ, ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոն, Գառնի, Օշական եւ Էջմիածին, ուր ստացան շահեկան տեղեկութիւններ ու ապրեցան անմոռանալի պահեր: Այցելուներու համար մեծ վայելք եղան գիշեր մը Հիւսիսային պողոտայի վրայ շրջիլ, նուագածուներու երգերուն ունկնդրել եւ հրապարակի ջրաղբիւրի քով դասական հաճելի երաժշտութիւններու ընկերակցութեամբ ջրապարեր դիտել:

Տատեանի սաները իրենց կեցութեան բոլոր օրերուն, նախքան պտոյտներու, վարժարանի պարի փորձերուն, կաւագործութեան աշխատութիւններուն եւ  զանազան դասերու ներկայ եղան ու հայրենիքի իրենց քոյր եւ եղբայրներուն դասաւանդութեան բովանդակութեան տեղեակ դարձան:

Տատեանցիներու ուշադրութիւնը գրաւեց, թէ Մխիթար Սեբաստացի վարժարանի դասարանները բոլորովին ապակեայ էին եւ ուսուցիչները թափանցիկ դասաւանդութիւն կը կատարէին: Իւրաքանչիւր աշակերտ ունէր իր անձնական համակարգիչը եւ, բացի ուսողութենէն, բոլոր դասերը առանց գիրքի ու տետրակի կը կատարուէին: Ամէն առտու մարզանքով ու պարով օրուան կը սկսէին եւ դպրոցը բացարձակ զանգակ չէր հնչեր: Դասարանները հաստատ չէին եւ վարժարանի սաները իրենց ընտրած ուսուցիչին հետ դաս ընելու համար շարունակ դասարան կը փոխէին: Ընդարձակ տարածքի մը վրայ հիմնուած Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրը ունէր աւագ դպրոց, միջին դպրոց, քոլէճ, ուսումնական ագարակ, արեւելեան դպրոց, արեւմտեան դպրոց, հիւսիսային եւ հարաւային դպրոց: Կը դասաւանդուէին նաեւ հրաձգութիւն, նետաձգութիւն, սուսերամարտ եւ ըմբշամարտ:

Տատեանի խումբի օթեւանը եղաւ վարժարանի հիւրանոցը, իսկ վերջին գիշերը անոնք հիւրասիրուեցան  վարժարանի տղոց անձնական տուներէն ներս, ուր հայրենի խոհանոցի ճաշերը համտեսեցին ու մտերմիկ պահեր ապրեցան:

Տատեանցիներու մեկնումի օրը Մխիթար Սեբաստացի վարժարանի հիմնադիրը՝ Աշոտ Բլէեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Տատեանի տնօրէնուհիին հետ։ Այս առթիւ անոնք փոխադարձաբար յայտնեցին իրենց ուրախութիւնը, թէ սահմանները ջնջած ու  հայրենիքի եւ սփիւռքի կապը հաստատած էին: Ապա Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Տատեանի խումբին հետ եւ իմանալով այցելուներու դրական տպաւորութիւնները՝ յայտնեց իր ուրախութիւնը ու ապագայի մասին բարեմաղթանքներ ըրաւ: Իսկ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութիւնը հարցազրոյցներ կատարեց Տատեանի տնօրէնուհիին, ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտներուն հետ:

Տատեանցիներու դէպի Հայաստան կատարած այս պտոյտը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց այցելու ուսուցիչներուն եւ տղոց մօտ: Անոնք գեղեցիկ յիշատակներով վերադարձան Պոլիս:  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2018