ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացման հաւաքոյթ մը։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Սկիւտարի եւ մերձակայ թաղերու մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներէն եւ տիկնանց կազմերէն ներկայացուցիչներ, թաղի այժմու եւ երբեմնի վարժարաններէն պատասխանատուներ կամ սաներ եւ հիւրեր։

Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ միութեան վարչութեան ատենապետ Պերճ Զընկըք, որ ներկայացուց վարչութեան ընկերները։ Ան յուշանուէրներ յանձնեց նախկին վարչութեան կազմէն Արէտ Թաշճըօղլուին եւ Կարօ Մալխասօղլուին։ Արտայայտուեցաւ նաեւ անդամներէն Ալէն Թաշճըօղլու, որ տեսաերիզով մը ներկայացուց միութեան անցեալը։ Նկատի ունենալով, որ Սկիւտարի սանուց միութեան սրահը բեմ մը չունի՝ ան խօսեցաւ այս հրատապ կարիքը դիմագրաւելու հարցին շուրջ։

Ելոյթներէն վերջ ներկաները հաճելի զրոյց ունեցան ընդունելութեան սեղաններուն շուրջ։ Վերջաւորութեան օրհնութեան խօսք մը արտասանեց Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան, որ մաղթեց, թէ միութեան երդիքին տակ անպակաս ըլլան եռանդն ու խանդավառութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017