ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Սիմոն Չեքէմին ընկերացաւ իրաւաբան Լարա Մեծատուրեան։

Զրոյցի ընթացքին Սիմոն Չեքէմ Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բարենորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին եւ թաղային խորհուրդի կողմէ ծաւալուած ընդհանուր գործունէութեան շուրջ։ Ան հրաւէր ուղղեց, որպէսզի յառաջիկայ օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելէ Էսաեան վարժարան։  Իր նկատառման յանձնուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2021