«ՔԱՏԱՆՍ»Ը ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Այս շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան անխակութեան 26-րդ տարեդարձը։ Տարեդարձի առթիւ համերգով մը հանդէս պիտի գայ «Քատանս» սենեկային նուագախումբը։ Համայնքային շրջանակներէն ներս այս ձեռնարկը ստեղծած է լայն արձագանգ եւ մեր գեղարուեստասէրները այժմէն բարձր տրամադրութիւնով կը պատրաստուին մասնակցելու երաժշտահանդէսին։

Մինչ այդ, այս առաւօտ «Քատանս»ի անդամները ժամանեցին քաղաքս եւ դիմաւորուեցան Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանի կողմէ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Իսթանպուլ հասած արուեստագէտները առաջնորդուեցան իրենց իջեւանած պանդոկը։ Մինչեւ համերգին օրը «Քատանս»ի անդամները կը ծանօթանան Իսթանպուլի պատմամշակութային գեղեցկութիւններուն եւ հնարաւորինս հաղորդ կը դառնան մեր համայնքային կեանքին։ Հարկ է նշել, որ «Քատանս» առաջին անգամ կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Նուագախումբի կեցութեան ընթացքին արուեստագէտներուն կ՚ուղեկցի համերգի կարգադիր յանձնախումբէն մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան, որ Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի շրջանաւարտներէն մին է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017