ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վա­ղը պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն պի­տի ճամ­բոր­դէ Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով։ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան տօ­նի նա­խօ­րեա­կին զու­գա­դի­պած այս այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, ան պի­տի ի­ջե­ւա­նի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած Նորին Սրբազնութեան ծրագրին առընչութեամբ։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը Հինգ­շաբ­թի պի­տի վե­րա­դառ­նայ քա­ղաքս՝ նոյն­պէս Ե­րե­ւան-Իս­թան­պուլ ու­ղիղ թռիչ­քով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015