ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊՈՒՔՐԷՇԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ «ՄՈՏԵԼ-ՄԱԿ» ՀԱՒԱՔԻՆ
Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներ վերջերս մասնակցութիւն բերին «Մոտել-Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն» (Model United Nations-MUN) հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պուքրէշի մէջ։ Սա հետաքրքրական ծրագիր մըն էր, որ կեդրոնականցիներուն առիթ ստեղծեց Եւրոպայի զանազան քաղաքներէ երիտասարդներու հետ մէկտեղուելու եւ քննարկումներ ծաւալելու՝ ՄԱԿ-ի ձեւաչափերու նմանութեան մէջ։
Կեդրոնականէն 14 աշակերտ մասնակցեցաւ Պուքրէշի այս հաւաքին։ Խումբը վերահսկեցին դպրոցի ուսուցչական կազմէն Մելիսա Ինկիլիզօղլու, Սելին Քէշիշօղլու-Աթասեւ եւ Թապիթա Թոփարլաք։
Խումբը Պուքրէշի պատմական վայրերը այցելելէ վերջ, տեղւոյն Փոլիթեքնիք համալսարանի համալիրէն ներս մասնակցեցաւ «Մոտել-ՄԱԿ» ծրագրին։ Քննարկումներու ընթացքին ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ տնտեսութեան, բնապահպանութեան, խաղաղութեան եւ քաղաքագիտութեան վերաբերեալ հարցերու վրայ։ Ծրագրի վերջին օրը բոլոր խումբերը ներկայացուցին իրենց նախատեսած լուծումները, հուսկ ստացան նաեւ մասնակցութեան վկայականներ։ Կեդրոնականի սաներէն Հելէն Ռէյհան Ալաշ արժանացաւ իր խումբի պատուոյ մրցանակին։
Ուղեւորութեան ընթացքին կեդրոնականցիները այցելեցին նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պուքրէշի առաջնորդարանը։ Անոնք տեղւոյն Սրբոց Հրեշտակապետաց Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը, նաեւ առաջնորդարանի համալիրէն ներս շրջայց մը կատարեցին թանգարանին մէջ։ Անոնք ծանօթացան նաեւ ռումանահայոց «Նոր Կեանք» թերթի խմբագրութեան աշխատանքներուն։ Խմբագրատան մէջ տղաքը հիւրասիրուեցան Արսէն Արզումանեանի կողմէ, որ տեղեկութիւններ տուաւ ռումանահայ գաղութի պատմութեան եւ այժմու գործունէութեան մասին։