ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ արդէն հնչեց 2022-2023 կրթական շրջանի վերջին զանգը։ Դպրոցէն ներս տարեվերջի հանդիսութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Շրջանաւարտները հրաժեշտ առին բարձր տրամադրութեամբ՝ շրջապատուած ամբողջ կրթական մշակներուն եւ իրենց դասընկերներուն կողմէ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան համայնքային շրջանակներէն յայտնի դէմքեր, որոնք եւս փութացած էին ուրախակից ըլլալու շրջանաւարտներուն եւ «Հրանդ Տինք» դպրոցի ամբողջ ընտանիքին։ Ներկաներու շարքին էին վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը, Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Հրանդ Ճիզմէճեան, որու գլխաւորութեամբ գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ իր գործակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Հանդէսի տեւողութեան շրջանաւարտները երախտագիտութեան խօսքեր արտասանեցին՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 5-րդ դասարան զիրենք կրթած մշակներուն համար։ Անոնց շնորհակալութեան զգացումներէն անմասն չմնաց նաեւ Հորոզօղլու ընտանիքը։

«Հրանդ Տինք» դպրոցի այս տարուան ընթացաւարտները արդէն աւարտած են 9-րդ դասարանը ու վերադարձած՝ Հայաստան, ուր պիտի շարունակեն իրենց կրթութիւնը։ Անոնցմէ ոմանք արդէն երեք ամիս առաջ միացած են Հայաստանի կրթական ծրագրին։ Անցեալ ժամանակաշրջանին անոնք արդէն աչքի ինկած են իրենց արձանագրած յաջողութիւնով։ Այժմ անոնց հիմնական նպատակն է մայիսին նախատեսուած աւարտական քննութիւններէն յաջողութեամբ դուրս գալը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023