«ՏԵՒԱ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Տեւա» կուսակցութեան Բ. ընտրաշրջանի երեսփոխանի թեկնածու Էվրիմ Ռըզվանօղլուն եւ իր ընկերակիցները։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տուին իրենց զանազան ծրագիրներուն մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց հայրենանուէր ու ժողովրդանուէր ծրագիրներուն մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023