ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԵՐԿՈՒ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Անգարայի «Պիլիմ» համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. տքթ. Եավուզ Տեմիրն ու Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան նախկին վարչապետ փրոֆ. տքթ. Պէյճան Իպրահիմօղլուն։ Անոնք Պատրիարքարան այցելեցին՝ զանազան նիւթերու մասին Նորին Ամենապատուութեան կարծիքը շօշափելու համար։ Անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացուցին իրենց ծրագրերէն մին, որով կը նախատեսեն հանդիպումներ կազմակերպել հայ, թուրք, ատրպէյճանցի եւ վրացի արուեստագէտներու եւ գրողներու միջեւ։ Անոնք կարեւորեցին արուեստի ու գիրի մարդոց դերը՝ շեշտելու հարեւան այս ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը եւ զայն վերաամրացնել։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց նման գաղափարի մը համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նման մեծ երազներու համար հոգեւոր պետերու կամ առաջնորդներու գործակցութիւնը անբաւարար նկատեց, քանի այսպիսի կարեւոր ու փափուկ գործեր կը կարօտին պետականութեանց մերձեցման։ Ան շեշտեց, թէ երբ նման մերձեցում մը սկսի, շատ տեղին կ՚ըլլայ յիշեալ աշխատանքին ձեռնարկել։ «Երեսուն երկար տարիներ առանց անձրեւի ապրած անապատի մը մէջ երբ անձրեւ կը տեղայ, աւազի տակ թաղուած հունտեր ծիլ կ՚արձակեն։ Յուսահատութեան երբեք պէտք չէ մատնուիլ, այլ ընդհակառակն՝ յոյսով ջանք թափել», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ նման այցելութիւնները կը նպաստեն այսպիսի աշխատանքներու իրականացման ու մերձեցման։

Հուսկ,  Տեմիր եւ Իպրահիմօղլու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրեցին պատմական ֆրանսերէն Աւետարան մը եւ համրիչ մը։ Իսկ Նորին Ամենապատուութիւնը իրենց նուիրեց Պատրիարքական Աթոռի հրատարակութիւններէն նմոյշներ մեր եկեղեցական գոյքերու, Կոլոտ Պատրիարքի անուան հաւաքածոյի, Հայ գրաւոր մշակոյթի եւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի մասին հատորներ։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023