ԱՏԸԵԱՄԱՆԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան  նախընթաց օր ընդունեց Ատըեամանի Հայրենակցական միութեան վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Սատըք Պաքըրճըօղլուի։ Անոնք Պատրիարքարան եկած էին Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւն տալու զանազան նիւթերու մասին եւ կարծիքի փոխանակում ունենալու։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար ու շեշտեց հայրենակցական միութիւններու կարեւորութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ծրագիրներուն կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023