ԷՍԱԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՀԻՄՆԱԴՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Կը տեղեկանանք, որ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ նշանակուած է Լենա Ենիեորկան, որ կ՚անդամակցի նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդին։ Վերջին տարիներուն այդ պաշտօնը կը վարէր թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, որու կողմէ գլխաւորուած թեկնածուական խումբը ընտրութիւններուն ժամանակ համայնքի հաւանութեան չէր արժանացած։ Ուստի, Պէյօղլուի նորընտիր թաղային խորհուրդի պաշտօնի կոչուելուն զուգահեռ՝ Էսաեան վարժարանի պարագային ալ հիմնադրի ներկայացուցիչի փոփոխութիւն կատարուած է։

Թաղային խորհուրդը որոշած է այդ պաշտօնը վստահիլ Լենա Ենիեորկանին, որու նշանակումը վաւերացուած է նաեւ պատկան մարմիններուն կողմէ։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023