ՏԱՏԵԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Փոքրիկները գործադրեցին բազմալեզու յայտագիր մը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Յայտագիրը պատրաստուած էր՝ ուսուցչական կազմէն Թանիա Չաթաքի, Սօնա Կէօքթաշի եւ Ժալէ Պալճըի վերահսկողութեան ներքեւ։ Ձեռնարկի ընթացքին փոքրիկները անակնկալներով ալ հանդէս եկան իրենց մայրերուն համար՝ նկատի ունենալով, որ հաւաքոյթը կը զուգադիպէր Մայրերու օրուան ճիշդ նախօրեակին։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը։ Ուրախ մթնոլորտի մէջ հատուեցաւ նաեւ փոքրիկներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023