ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Հոգելոյս ելմտագէտ, բարեյիշատակ համայնքային գործիչ Եդուարդ Գովանի հեղինակած վերջին բառարանին շնորհանդէսն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։ Հանգուցեալ Եդուարդ Գովանի հեղինակած այս վերջին բառարանն էր՝ «Թրքերէնէ այբբենական կարգով դասաւորուած հայերէն-թրքերէն այժմէական բառարան»ը, որու շնորհանդէսը դժբախտաբար տեղի ունեցաւ յետմահու։ Գինեձօնի երեկոյթը հովանաւորեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ, սրահը լեցուցած ներկաները մէկ կողմէ ծանօթացան գործին, իսկ միւս կողմէ առիթն ունեցան վերյիշելու ողբացեալ Եդուարդ Գովանը, որ ծաւալած է հսկայական աշխատանք եւ կատարած մտաւորական նկատելի արտադրութիւն։ Ներկաներու շարքին էին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ իր գործակից ընկերները, հոգելոյս հեղինակի հարազատները՝ տքթ. Գարուն եւ Մելինէ Գովան ամոլը եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Երեկոյթին յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Մարիամ Տրամէրեանի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսքէն վերջ ան բառարանին մասին տուաւ տեղեկութիւններ, նաեւ ընթերցեց Եդուարդ Գովանի կենսագրութիւնը։ Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Սիրուն Սիրունեան գործադրեցին երաժշտական յայտագիր մը։ Ներկաներուն համար բացառիկ վայելք մըն էր՝ ունկնդրել ասմունքները Սիլվա Կոմիկեանի, որ իր տպաւորիչ ոճով հերթական անգամ հմայեց գրասէրները։ Այս գինեձօնի հաւաքոյթին առթիւ պատրաստուած էր նաեւ՝ Եդուարդ Գովանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ տեսանիւթ մը, որ ընկալուեցաւ հետաքրքրութեամբ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ եւս երանութեամբ յիշեց ողբացեալ Եդուարդ Գովանը եւ իր կատարած գործը։ Նորին սրբազնութիւնը գնահատեց նաեւ ձեռնարկի կազմակերպիչները։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրուցեցին եւ Եդուարդ Գովանի բարի յիշատակին վերաբերեալ իրենց զգացումներն ու խոհերը բաժնեցին՝ Գարուն եւ Մելինէ Գովաններուն հետ։ Ընդունելութեան ընթացքին հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը, որ պատրաստուած էր բառարանի մը էջերուն ձեւով։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023