ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՐԳԵՒ
Նորվեկիոյ մայրաքաղաքը՝ Օսլոյի մէջ կայացած Եւրոպական միութեան Մշակութային ժառանգութեան եւ «Europa Nostra» մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցիին շնորհուեցաւ եօթ գլխաւոր մրցանակներէն մէկը։
Մրցանակաբաշխութեան դատակազմի անդամներուն այս որոշման համար հիմնական դրդապատճառ հանդիսացած է կիսաւեր եկեղեցւոյ վերականգնման ջանքերուն մէջ հայ համայնքի եւ տեղւոյն բնակչութեան, ինչպէս նաեւ տեղական իշխանութեանց միջեւ համագործակցութիւնը, որ նկատուած է համերաշխութեան լաւ օրինակ մը։
Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած են մշակութային բազմաթիւ նախագիծեր, որոնց ուսումնասիրութիւններուն մասնակցած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ մշակութային ժառանգութեան 600 մասնագէտ եւ բազմաթիւ կամաւորներ։ Անոնք մրցանակներուն համար քննած էին աւարտական հանգրուանին հասած 28 կառոյցներ։ Մրցանակին կ՚ընկերանար 10 հազար եւրոյի վարձատրութիւն մը։ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք անձամբ մասնակից էր մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան, որուն ներկայ էին նաեւ Օսլոյի քաղաքապետն ու Նորվեկիոյ բնապահպանութեան նախարարը։ Օսլոյի Քաղաքապետական պալատին մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին մրցանակը ստացան եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ճարտարապետ Զիւլֆիքեար Հալիֆէօղլու եւ թաղային խորհուրդի անդամ Փելին Այըք։