ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, եկեղեցւոյ մօտալուտ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ստացան Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը, նաեւ իրեն բացատրութիւններ տուին թաղի վերջին կացութեան, թաղային խորհուրդի ծաւալած աշխատանքի ամենանոր երեսակներուն շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար եւ օրհնեց թաղականները, որոնց յաջողութիւն ու կարողութիւն մաղթեց՝ Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ աստուածահաճոյ գործունէութեան ճանապարհին։