ՍՕՍԻ ՃՆՏՈՅԵԱՆԻ ԵՐԱՆԳԱՒՈՐՄԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ, շաբաթավերջին բացուեցաւ յայտնի արուեստագիտուհի Սօսի Ճնտոյեանի երանգաւորման գործերու ցուցահանդէսը։ Սօսի Ճնտոյեան թէեւ ծանօթ է թատերական գործունէութեամբ, սակայն տասը տարիէ ի վեր ստեղծագործական աշխատանք կը տանի նաեւ երանգաւորման արուեստի գետնի վրայ։ Այս ընթացքին ան մասնակցութիւն բերած է զանազան խառն ցուցահանդէսներու։ Իսկ կղզիի մէջ կազմակերպուած ներկայ ձեռնարկը Սօսի Ճնտոյեանի առաջին անհատական ցուցահանդէսը կը հանդիսանայ եւ այս առումով նոր փուլ մը կը բնորոշէ անոր գեղարուեստական գործունէութեան ամբողջին մէջ։

Ցուցահանդէսի բացման առթիւ արուեստագիտուհին շրջապատուեցաւ բազմաթիւ համակիրներու եւ հիւրերու կողմէ։ Ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ մը եւ բոլոր ներկաները հերթական անգամ արտայայտեցին իրենց գնահատանքն ու համակրանքը։ Սօսի Ճնտոյեան այս առթիւ յայտնեց, որ երանգաւորման պարագային ստեղծագործական աշխատանքը, արտադրութիւնը կ՚ենթադրէ մեծ կեդրոնացում մը, իբր այդ ալ արուեստի այս ճիւղը կ՚ապահովէ լիցքաթափում մը։

Ճնտոյեանի գործերուն ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ վաղը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018