ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԵՐԳՉ.Ի ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախըթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Խումբը գլխաւորեցին դպրապետ Ժիրայր Աքմերճան  եւ տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Տիրան Պոստան։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց դպրաց դասու գործունէութեան շուրջ։ Այս տարի 19 Նոյեմբերին Զուարթնոց երգչախումբը պիտի նշէ իր տարեդարձը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Զուարթնոցի գործունէութեան մասին։ Իր խօսքերով՝ լսած էր, թէ երբեմնի հայահոծ այս թաղի եկեղեցւոյ պայծառութեան համար անդամներու ծառայութիւնը կը շարունակուի։ Նորին սրբազնութիւնը այժմէն շնորհաւորեց մօտալուտ տարեդարձը եւ անդամներուն փոխանցեց կարողութեան ու յաջողութեան մաղթանքներ, օրհնութիւններ։  

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017