Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ներկայացուցիչները։ Փոխ-ատենապետ Մինաս Քորթունի կողմէ գլխաւորուած դպրեվանքցիներու շարքին էր նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Վարուժան Պուլկան։ Զրոյցի տեւողութեան խնամակալները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի այժմու կացութեան շուրջ։ Տեղապահ սրբազան հայրը մասնաւոր հետաքրքրութեամբ լսեց այդ բոլորը՝ մանաւանդ, որ ինքն ալ անցեալի մէջ եղած էր այդ հաստատութեան սաներէն մին։ Նորին սրբազնութիւնը մատնանշեց, որ Պոլիսէն հեռու եղած տարիներուն ալ փորձած էր հնարաւորինս հետեւիլ վարժարանի գործունէութեան։

Հուսկ, տեղապահ սրբազան հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան կապակցութեամբ եւ ընդգծեց, որ ինք միշտ կ՚ուրախանայ՝ լսելով համայնքային կրթական հաստատութիւններուն վերաբերեալ բարի լուրեր։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017