ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԻՇՏ ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ
Գարակէօզեան տան ընտանիքը կը շարունակէ հետեւողականօրէն յարգանք դրսեւորել հաստատութեան լուսահոգի հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի յիշատակին նկատմամբ։ Գարակէօզեանցիները երախտագիտութեան մէջ չեն թերանար եւ ամէն տարի կ՚ոգեկոչեն մեծանուն բարերարը, որ դրած է որբանոցին հիմքերը։
Բարեյիշատակ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան մահուան տարելիցին առթիւ այս տարի եւս վերյիշուեցաւ՝ երկու փուլէ բաղկացեալ ծրագրով մը։ Նախ՝ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որ յաջորդեց Ս. Պատարագի։ Իսկ շաբաթավերջին, Գարակէօզեան գերդաստանի Շիշլիի գերեզմանատան դամբարանին հաւաքական այցելութիւն մը տրուեցաւ։ Այս փուլին ալ հոգեհանգստեան կարգ տեղի ունեցաւ՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի գլխաւորութեամբ։ Ներկայ էին Գարակէօզեան տան խնամալութեան ներկայացուցիչները, վարժարանի պատասխանատուները, աշակերտներ եւ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։
Հուսկ, բոլորը համախմբուեցան դպրոցի նուիրական երդիքին տակ, ուր ճաշարանէն ներս հոգելոյս հիմնադիրին համար հոգեճաշ մը սարքուեցաւ։